ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐ

«ՈՐՔԱՆ ԱԼ ՓՈԽՈՒԻ՝ ԿԸ ՄՆԱՅ ՆՈՅՆԸ»

 

 

Այս ժողովրդական ասացուածքը կը վերագրուի 19-րդ դարու ֆրանսացի գրողներու: Արդարեւ, հակառակ Երկիր մոլորակի վրայ հարիւր հազարաւոր տարիներու ընթացքին պատահած յեղաշրջումներու, աշխարհը կը մնայ նոյնը: Մարդկային մտայնութիւններն ու կենցաղները եւս հարիւրամեակներու ընթացքին մակերեսային փոփոխութիւններ կը կրեն, բայց խորքին մէջ կը մնան նոյնը:

1300 թուի սկիզբները, Թուրք վրանաբնակ ցեղախումբերը, ծանօթ Ղազի (կրօնամոլ ռազմիկներ) անունով, Օսման Պէյի առաջնորդութեամբ գրաւեցին ամբողջ Անատոլուն եւ ճամբան հարթեցին 21 տարեկան Ֆաթիհ Սուլթան Մուհամմէտ Բ.-ին որ քայքայուող Բիւզանդական կայսրութեան տայ մահացու հարուածը, 1453-ին գրաւելով Կոստանդնուպոլիսը: Յաջորդող տասնամեակներուն եւ հարիւրամեակներուն, Օսմանեան Կայսրութիւնը պիտի տարածուէր ամբողջ Միջին Արեւելք, Հիւսիսային Ափրիկէ եւ մինչեւ Սպանիա ու շրջակայքի տարածքները: Աւելի քան 600 տարի, Պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայութիւնը նուաստացաւ թրքական ծանր կռունկին տակ, բայց վերապրեցաւ մինչեւ Երիտասարդ Թուրքերու շարժումը գահընկէց ըրաւ վերջին Օսմանեան արիւնարբու Սուլթան Ապտիւլ Համիտին 1909-ին եւ հռչակեց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը: Մուսթաֆա Քէմալ փորձեց երկիրը արդիականացնել նոր այբուբենով, Եւրոպական զգեստաւորումով, դատական եւ կառավարական նոր դրութիւններ հաստատելով, ու արար աշխարհի յայտարարեց թէ ամէն ինչ փոխուած է Թուրքիոյ մէջ. ան  եւրոպականացած է …: Հայեր եւ Թուրքեր գիրկընդխառնուեցան փողոցներու մէջ որպէս եղբայրներ: Գրիգոր Զօհրապ գլխաւոր դէմքերէն մին հանդիսացաւ նորակազմ խորհրդարանին մէջ: Բայց երկար չտեւեց սիրաբանութիւնը: Նոյն տարուան մէջ գործադրուեցաւ Ատանայի ջարդը, որուն զոհ գացին մօտ 30,000 հայեր, որոնք քաղաքին բնակչութեան ամենահարուստ հատուածը կը նկատուէին: Հազիւ վեց տարիներ ետք սկսաւ գաղտնի բայց մանրակրկիտ կերպով պատրաստուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ոչինչ փոխուած էր մակերեսային շպարին տակ…:

Ցեղասպանութեան գործադիր մարմինը չհամարձակեցաւ աքսորել Պոլսոյ հայերը, օտար դիւանագիտութեան քթին տակ, բայց 1942-ին հաստատեց «Վարլիք Վերկիսի»ն (ունեւորութեան տուրք) մեծահարուստ գործատէրերէն պահանջելով ահաւոր գումարներ, որոնք կարելի չէր գոյացնել, նոյնիսկ եթէ ուզէին վճարել. ուրեմն մօտ 2000 ունեւորներ, մեծ մասամբ հայեր, աքսորուեցան Աշքալէի աշխատանքի ճամբարներ, ուր անոնցմէ մաս մը մահացաւ խիստ կլիմային չդիմանալով: Եւ վերջապէս, Սեպտեմբեր 6-7, 1955-ին Իսթանպուլի Յոյներու եւ Հայերու դէմ հալածանքն ու կողոպուտը եկաւ հաստատել թէ իրենց վրանաբնակ  Ղազի նախահայրերու մտայնութենէն ոչինչ փոխուած էր:

Գալով մեր օրերուն, անբասիր Հրանդ Տինք հաւատաց թէ Թուրքիան բաւականաչափ տեմոքրատացած էր եւ մօտեցած էր քաղաքակիրթ մտայնութեան, ու քիչ մը եւս մարդկային իրաւունքներու կիրարկումով պիտի կարենար առերեսուիլ իր պատմութեան հետ. քանի մը տարի ազատ ու համարձակ իր բարի սրտէն բխած զգացումներն ու մտածումները տարածեց աշխարհով մէկ, մինչեւ Յունուար 19, 2007-ի ճակատագրական օրը երբ մէկ գնդակով զգետնուեցաւ ի’ր իսկ հրատարակած թերթին՝ «Ակօս»ի խմբագրատան սեմին: Գրիգոր Զօհրապի օրինակը կատարելագործուեցաւ – ազատութիւնը տալ որոշ ժամանակ մը իր գաղափարները բարձրաձայնելու յաչս քաղաքակիրթ աշխարհի, յետոյ վայրագ կերպով լռեցնել զինք: Այսօր «Զաման» օրաթերթի երկու գլխաւոր Թուրք լրագրող եւ հայ տաղանդաւոր գրող ու լեզուագէտ Սեւան Նշանեան, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան փաստաբանուհի Էրէն Քէսկին կը հիւծին բանտերու մէջ, կառավարութիւնը ազատօրէն քննադատած ըլլալու յանցանքով, որ Թուրքիոյ մէջ համազօր է մահացու յանցանքի:

Այո, Թուրքիա այսօր փոխուած կը թուի: Վերջին ընտրութիւններուն երեք հայեր անդամ ընտրուեցան Թուրքիոյ Խորհրդարանին – անհաւատալի, բայց իրաւ: Մարգար Եսաեան անդամ է նախագահի կուսակցութեան, ուրեմն՝ հասկնալիօրէն, կամ պիտի չխօսի, կամ Նախագահին պիտի պաշտպանէ: Սէլինա Տողան մինչեւ վերջերս բաւական համարձակ ելոյթներ կունենար խորհրդարանին մէջ ի նպաստ մարդու իրաւունքներու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, իսկ Կարօ Փայլան ամենահանդուգն բայց իրաւացի ելոյթներով սկսած էր մտահոգութիւն պատճառել ոչ միայն հայերու այլ նաեւ Թուրքին շրջանակին: Գնահատելի է անշուշտ երիտասարդ Կարօ Փայլանի խիզախութիւնն ու քաջութիւնը, բայց քիչ մը շրջահայեցողութիւն եւ զգուշաւորում կարեւոր է կանխելու յոյսով անբաղձալի հետեւանքներ:

Այլ հանելուկ մըն է Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան Արքեպիսկոպոսի յանկարծակի անդարմանելի «հիւանդութիւն»ը որ պատահեցաւ Յուլիս 2008-ին, իր պատրիարքութեան 10-րդ տարիին: Տարտամ ու յերիւրածոյ ախտաճանաչում մը կը տրուի այն ինչ որ պերճախօս Պատրիարքին միանգամընդմիշտ լռութեան մատնեց: Միայն Եւրոպական կամ Ամերիկեան անկողմնակալ բժշկական հետաքննութիւն մը կրնայ յայտնաբերել իրականութիւնը:

Ե՞րբ Թուրքիոյ ողջմիտ փոքրամասնութիւնը պիտի կարենայ իշխող ուժի հասնիլ, որպէսզի փոփոխութիւնը ըլլայ խորքային, միայն կարելի է մաղթել այս հանգրուանին:

 

Տոքթ. Յ. Արզումանեան