Իսրայէլի մէջ հայերը եւ հրեաները պահանջած են դադրեցնել զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին

Երուսաղեմի մէջ Ապրիլ 14-ին, Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց, հայ համայնքի քանի մը հարիւր ներկայացուցիչներ իրականացուցած են բողոքի ցոյց` Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքը դադրեցնելու պահանջով:

Ցոյցը կազմակերպած է Երուսաղէմի Միացեալ յանձնախումբը, որուն մասնակցած են Երուսաղէմի, Եայֆայի, Բեդախ Դիգուայի եւ Հայֆայի հայ համայնքի անդամներն ու նաեւ հրեաներ:

Ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցած է Երուսաղէմի նախկին փոխ քաղաքապետ Փիթըր Ալալուն, որ նշած է, թէ կը կիսէ հայ ժողովուրդին ցաւը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վիշտը եւ անընդունելի է, որ այսօր Ատրպէյճանը Իսրայէլի վաճառած զէնքով կը սպանէ հայ ժողովուրդը: Ան կոչ ուղղած է Իսրայէլի իշխանութեան՝ դադրեցնելու զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին:

News.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանագէտ հայր Կորիւն նշած է, որ ցոյցի մասնակիցները նաեւ նամակ յանձնած են Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին, որուն մէջ հայ համայնքը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու վերաբերեալ