Իսլամ Համագործակցութեան Վեհաժողովը Պատժական աւելի խիստ միջոցներ առաջարկեց Հայաստանի դէմ

Իսթանպուլի մէջ գումարուած մօտ 30 երկիրներու մասնակցութեամբ Իսլամ Համագործակցութեան 13-րդ Վեհաժողովը իր Ապրիլ 16-ի եզրափակիչ զեկուցումով Հայաստանը քննադատեց Ղարաբաղի կապակցութեամբ եւ առաջարկեց աւելի խիստ միջոցներ, ինչպէս՝ դադրեցնել զէնքի տրամադրութիւնը Հայաստանի, կանխել հողամասերու մէջ բնակչութեան տեղափոխութիւնները եւ դատապարտել Հայաստանը որպէս «նախայարձակ»: Առաջարկուեցաւ արտաքին նախարարներու մակարդակով խորհուրդի մը կազմութիւնը որ զբաղի Ղարաբաղի հարցերով եւ աւելի ուժեղ պատժամիջոցներ գործադրուին Հայաստանի նկատմամբ: Նշենք որ Լիբանան ձեռնպահ մնաց Ղարաբաղի մասին այս զեկուցումը ստորագրելէ: