Ատրպէյճանի մէջ ապշած են Ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական զինուած ուժերու սանձազերծած ռազմական յարձակման առաջին իսկ օրը 100-է աւելի զինծառայողներու կորուստի մասին համացանցի վրայ յայտնուած տուեալներով, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մինչ այժմ կը շարունակէ թաքցնել ատրպէյճանական հանրութենէն:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ համացանցի վրայ յայտնուած է ատրպէյճանցի լրագրող Էմին Ահմետպէյովի հարցազրոյցը Ատրպէյճանի հանրածանօթ երգահան, հասարակական գործիչ Ճաւանշիր Կուլիեւի հետ, որուն ընթացքին անոնք զարմանքով խօսած են, որ ԼՂՀ-ի ՊՆ շարքային զինուորները յաջողած են յարձակման առաջին իսկ օրը ոչնչացնել հանրապետութեան տարածք ներխուժելու փորձ կատարած ատրպէյճանական բանակի այդչափ յատուկ ջոկատայիններ: Ուշագրաւ է, որ զրուցակիցները նաեւ նշած են, որ Ատրպէյճանը եղած է առաջին յարձակողը ԼՂՀ-ի վրայ:
Ատրպէյճանական ռատիոյի եթերով Էմին Ահմետպէյովի դիտարկման, որ Ատրպէյճանի 100 բարձրակարգ եւ փրոֆէսիոնալ յատուկ ջոկատայիններ ոչնչացուած եւ 500-է աւելի զինծառայողներ վիրաւորուած են ռազմական գործողութիւններու առաջին օրերուն, Ճաւանշիր Կուլիեւը տարակուսանք յայտնած է, թէ «իսկ ինչո՞ւ սկսան եւ ինչո՞ւ կանգ առին»:
«Այդ հարցը ամբողջ ժամանակ գլխուս մէջ է, յետոյ` ռազմական գործողութիւններու 1,5 օրուան ընթացքին մօտ 100 ջոկատայիններ, ի դէպ, անոնք շարքային զինծառայողներ չէին, այլ յատուկ նշանակութեան զօրքերու պատրաստուած տղաներ: Համացանցի վրայ արդէն կը յայտնուին անոնց լուսանկարները: Անոնք բոլորն ալ ամրակազմ, հասուն տղաներ են: Եւ անոնցմէ 100-ը սպաննուած են: Այդ օրերուն այնտեղ այդ ի՞նչ պատերազմ տեղի ունեցած է, որ մենք կորսնցուցինք այդ 100 լաւ պատրաստուած զինուորները»,- հարց տուած է Կուլիեւը, եւ ինքն ալ պատասխանած. «Անոնք մեր բանակի ընտրեալ զինուորականներն էին»:
«Կը մտածեմ` ի՞նչ շահեցանք ու ի՞նչ կորսնցուցինք այդ պատերազմին»,- ըսած է ան:
Միջազգային Bellingcat վերլուծական խումբը կը յայտնէ, որ իր «զգոյշ գնահատականներով»` Ապրիլի 1-5 Ատրպէյճանի կորուստը նուազագոյնը 400 զինծառայող է: