Վրաստանէն Հայաստան անցնող խողովակաշարը պայթեցնելու գործին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի հետք գտնուած է

Վրաստանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները խափանած են Սուկուրամ գիւղին մօտ Ռուսիայէն Հայաստան երկարող կազի խողովակաշարին ականահարման փորձը: Ձերբակալուած են Վրաստանի 7 քաղաքացիներ, որոնց շարքին` Փոթի քաղաքի պարեկային ոստիկանութեան աշխատակից Լեւան Մամփորիան:

Ձերբակալուածներէն մէկուն` Պեքի Պեքաուրիի փաստաբանը պատմած է, որ իր պաշտպանեալը ունի ՏԱՀԵՇ-ի դրօշին առջեւ առնուած լուսանկարներ, որոնք կցուած են դատական գործին:

Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, գործի նիւթերուն մէջ կայ նաեւ տեղեկութիւն, որ Պեքաուրի հաւատարիմ է ուահապականութեան, ինչ որ կը հերքէ մեղադրեալը:

Կը հաղորդուի, որ Պեքաուրի միակ մեղադրեալն է, որ ընդունած է իր մեղքը: Ան այժմ կը գտնուի հիւանդանոցը: