Ամատունի Վիրաբեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող փաստաթուղթերը մինչեւ հիմա պահանջուած են»

Ամենակարեւոր եւ թուայնացման ենթակայ փաստաթուղթերը Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող փաստաթուղթերն են: Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած  է Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան:

Ան նշած է, որ այդ փաստաթուղթերը մինչեւ հիմա պահանջուած են: «Մենք սկսում ենք այն փաստաթղթերի թուայնացումը, որոնց պահանջարկն աւելի մեծ է: Այսօրուայ դրութեամբ դրանք այն փաստաթղթերն են, որոնք կապուած են մարդկանց հետ, այսինքն` նրանց ծննդեան, ամուսնութեան, մահուան ժամանակագրութեան հետ` ընտանիքի տոհմաբանութիւնը կազմելու նպատակով»,- ըսած է Ամատունի Վիրաբեան:

Վիրաբեանի խօսքով` ամենակարեւոր փաստաթուղթերը Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած փաստաթուղթերն են, որոնք մինչ օրս պահանջուած են:

Ամատունի Վիրաբեան նաեւ յայտնած է, որ վերջերս Գերմանիայէն եկած էր նկարահանող խումբ մը, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին ֆիլմ նկարելու մտադրութիւն ունի: