Գերմանական «Der Spiegel»-ը` Թուրքիան քննադատող յատուկ թիւ մը հրատարակած է

Գերմանական «Der Spiegel» ամսագիրը Թուրքիոյ նուիրուած յատուկ թիւ մը հրատարակած է: Թրքական «memurlar.net» լրատուակայքի համաձայն` յայտնի ամսագիրին նոր թիւին բովանդակութիւնը հակաթրքական բնոյթ ունի:

Ամսագրի շապիկին վրայ տեղ գտած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի լուսանկարը եւ Թուրքիոյ դրօշը: Իսկ անոր առջեւը մզկիթի պատկեր է, որուն մինարեները պատկերուած են  թռիչքի պատրաստուող հրթիռներու տեսքով եւ, ըստ թրքական կայքին, կը խորհրդանշեն «իսլամականութեան վերելքը»: կողքին վրայ տեղ գտած է նաեւ Թուրքիոյ վերաբերող «Երկիր, որ կը կորսնցնէ ազատութիւնը» բնութագիրը:

Ամսագրի կողքին վրայ զետեղուած վերնագիրներուն համաձայն` «Der Spiegel»-ի նոր թիւին մէջ անդրադարձ կը կատարուի 3 հիմնական թեմայի: Անոնք են` «Բռնապետ. Էրտողանի քաղաքականութիւնը յեղաշրջումէն ետք», «Քիւրտեր. պայքար սեփական երկրի համար», «Ընդելուզում. Գերմանիոյ թուրքերուն վախը»:

Իսկ գերմանական «Die Welt» թերթը անդրադարձած է  պոլսահայ լրագրող եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Տինքի սպանութեան: Թերթը այս ոճրագործութիւնը կապած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: «Die Welt»-ը հրապարակած է անմիջապէս Տինքի սպանութենէն առաջ մարդասպան Օկիւն Սամասթին պատկերող տեսանիւթ մը` «խորհրդաւոր տեսանիւթը Էրդողանի դէմ կասկածներ կը յարուցանէ» վերնագիրի տակ, կը գրէ ermenihaber.am-ը: