«Հրանդ Տինք» հիմնարկի արեւմտահայերէնի դասընթացքները պիտի սկսին

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի միատեղ իրականացուցած 2016ի աշնան շրջանի արեւմտահայերէնի դասընթացքները 26 Սեպտեմբերէն 22 Նոյեմբեր պիտի ընթանան Պոլսոյ  «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ: Պոլսոյ «Ակօս» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Սեւան Տէյիրմենճեանի ուսուցչութեամբ, երկու ամիսներու վրայ երկարող 75 ժամուան լեզուի ուսուցում պիտի կայանայ երկու մակարդակներու հիման վրայ բաժնուած, շաբաթը 3 օր՝ 9 ժամ:

Առաջին մակարդակ՝

Երկուշաբթի, ժամը 18:00-21:00,

Չորեքշաբթի, ժամը 18:00-21:00,

Շաբաթ, ժամը 10:00-13:00:

Երկրորդ մակարդակ՝

Երեքշաբթի, ժամը 18:00-21:00, Հինգշաբթի, ժամը 18:00-21:00, Շաբաթ, 14:00-17:00։

21 Սեպտեմբերին «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ պիտի կայանան այս հանդիպումները Սեւան Տէյիրմենճեանին հետ, ամբողջ օրուան ընթացքին: Մասնակցելու համար պէտք է ժամադրութիւն առնել հեռաձայնով կամ ե-նամակով:

Աւելի բարձր մակարդակներ պիտի բացուին ըստ մասնակցութեան: