Շաբաթ, New York Times–ի մէջ, տպագրուած է Քիմ Քարտաշեանի յօդուածը, որուն միջոցով ան «յարձակած է» Wall Street Journal –ին մէջ տեղ գտած Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու մասին թրքամէտ յօդուածի մը վրայ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը անթոյլատրելի է» վերնագրուած Քարտաշեանի յօդուածին մէջ նշուած է.
«Ես ու իմ ընտանիքը քաջ ծանօթ ենք այն յիմարութիւններուն, որ մամուլի մէջ կը գրեն մեր մասին: Բայց երբ ես իմացայ, որ Wall Street Journal –ի ամբողջ էջ մը նուիրուած եղած է նման յօդուածի մը, ես չէի կրնար անտարբեր մնալ: Այդ սուտերը կ՝ապահովեն լաւ վերնագիրներ, իսկ լաւ վերնագիրները` լաւ վաճառք: Այդ յօդուածին համար վճարած ու զայն առաջ մղած է համացանցի մէջ թրքական պատֆորմը, որուն անունը չեմ ուզեր տալ, զինք չգովազդելու համար: Անոնք կը վստահեցնեն, որ այդքան ալ շատ հայեր չեն զոհուած ու որ նման ողբերգութիւն չէ եղած: Եւ ամենակարեւորը, անոնք կը վստահեցնեն, որ հայերը իրենք են մեղաւորը: Շատ տխուր է, որ Wall Street Journal–ը նման բան կը տպագրէ, քանի որ նման բան կրնար միայն փողոցային թերթ մը տպագրել: Ամսագիրը կը վստահեցնէ, որ իրենք այդ յօդուածը տպագրած են գովազդի էջին, իսկ այդ էջին համար կ՝ընդունուի որեւէ տեղեկութիւն, նոյնիսկ՝ սադրիչ բնոյթի: Բայց սեփական էջերուն նման յօդուած զետեղելը, յօդուած երկրէ մը, որ կը ժխտէ Ցեղասպանութիւնը, անպատասխանատու ու անբարոյական արարք է: Շատ պատմաբաններ վստահ են, որ եթէ Թուրքիան ժամանակին պատասխան տար Ցեղասպանութեան համար, Հոլոքոսթ չէր ըլլար: Հիթլերը մինչեւ Լեհաստան ներխուժելը ըսած էր. «Հիմա ո՞վ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»:
Մենք կը յիշե՛նք, մենք պէտք է խօսինք այդ մասին, մինչեւ մեր կառավարութիւնն ալ ճանչնայ զայն: Ժխտելով անցեալը` մենք կը վտանգենք ապագան` մենք մեզ կը լռեցնենք դրամով ու վախով եւ երեխաներուն կը սորվեցնենք, որ ճշմարտութիւնը յարաբերական է: Մենք պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնենք անոր համար, ինչ կը սորվեցնենք մեր երեխաներուն: Մենք պէտք է յարգենք պատմական ճշմարտութիւնները, այդպէ՛ս մենք կը պաշտպանենք մեր ապագան»- գրած է Քիմ Քարտաշեան: