Թուրքիոյ մէջ հրուշակագործութեան աւանդոյթի հիմնադիրները ու մինչեւ այսօր այդ աւանդոյթները պահպանողները համշէնցիներն են, կը պնդէ ծնունդով Թուրքիոյ Ռիզէ նահանգի Չամլըհեմշին շրջանէն լրագրող, լուսանկարիչ, «Պանդուխտ թխուածքը» գիրքի հեղինակ Ուղուր Պիրեօլը:
Թրքական Gazeteduvar.com.tr կայքին հետ զրոյցի ընթացքին Պիրեօլը պատմած է համշէնցի հայերու մէջ հրուշակագործութեան ծագման ու զարգացման մասին:
«Մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան,որ 19-րդ դարուն շուրջ 186 համշէնցի ընտանիք գացած է Ռուսիա եւ Լեհաստան, իւրացուցած է հրուշակագործութեան հմտութիւններն ու հայրենիք վերադառնալով` այստեղ զարգացուցած այդ աւանդոյթները: Ի հարկէ, անոնք այս գործը ոչ թէ Համշէնի, այլ մեծ քաղաքներու մէջ կ’ընէին: Իսթանպուլի մէջ առաջին հրուշակեղէնի խանութներու հիմնադիրները պոլսահայերն ու յոյներն էին, իսկ բուն Անատոլիոյ քաղաքներ հրուշակագործութիւնը բերողները համշէնցիները եղած են», – «Թերթ․ամ»-ի փոխանցմամբ՝ կը պատմէ լրագրողը:
Նշենք, որ համշէնցիներու առաջին բնակավայրերը ստեղծուած են 8-րդ դարուն: Հայ պատմիչներէն Ղեւոնդը կը նշէ, որ Արեւելեան Հայաստանի մէջ արաբական նուաճողներու ճնշումներէն ազատուելու համար 10-12 հազար հայ, Շապուհ եւ անոր որդի Համամ Ամատունի իշխաններու գլխաւորութեամբ, կ’արտագաղթեն Բիւզանդիա:
Ի դէպ` պատմական Համշէնը կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը: Համամ Ամատունի իշխանի հիմնած Համամաշէն քաղաքը քարտէզի վրայ կարելի է գտնել Հեմշին թրքերէն անուամբ, ատկէ քիչ մը դէպի արեւելք կը գտնուի թրքախօս համշէնցիներու եւս մէկ բնակավայր` Չամլըհեմշինը (կը թարգմանուի որպէս եղեւնոտ Համշէն): Իսկ կրօնական եւ ազգային հալածանքներու հետեւանքով բուն Համշէնէն դէպի Խոփա, Օրտու,Կիրեսուն եւ Սամսոն արտագաղթած համշէնցիներու բազմաթիւ գերդաստաններ հայերէնը պահպանեցին ընդհուպ մինչեւ 20-րդ դարու 80-ականներու վերջ: Խոփայի շարք մը գիւղերու մէջ համշէնցիները սահուն կերպով հայերէն կը խօսին մինչեւ այսօր: