Պաննօ` «Հայորդեաց Տուն»-ի Տասնամեակին Առիթով

Մոսկուայի «Հայորդեաց տուն»-ի տասնամեակին առիթով` Հրաչուհի Մարտիրոսեան` իր ղեկավարած նկարչական խմբակի սաներուն հետ համատեղ, իւրօրինակ նուէր պատրաստած է թեմակալ առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանին, որուն անձնուիրութեան ու ջանքերուն շնորհիւ՝ 2006-ին հիմնադրուել է կրթօճախը: Այս մասին կը յայտնեն «Հայորդեաց տուն»-ի տեղեկատուական կեդրոնէն:

Հրաչուհի Մարտիրոսեան եւ սաները նկարած էին հայոց այբուբենը պատկերող պաննօ, որ բաղկացած էր տասնհինգ առանձին կտորներէ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ստեղծուած էր մեծ հոգածութեամբ ու սիրով:

«Պաննոյի գաղափարը ծնած է սաներուս հետ ընդհանուր քննարկման իբրեւ արդիւնք: Որոշուած էր, որ պէտք էր նկարել Մայր Աթոռը կամ Սբ․ Պայծառակերպութիւն եկեղեցին, որուն հովանիին տակ պէտք է ներկայացուէր «Հայորդեաց տուն»-ը եւ պէտք է ընդգծուէր այբուբենի աստուածատուր ըլլալը: Ընդհանուր արդիւնքը, կը կարծեմ, գոհացուցիչ էր, որուն մասին կը վկայեն զայն տեսնողներու հիացական արձագանգները: Ասիկա իւրօրինակ նուէր մըն էր, որ եղած էր անասելի մեծ սիրով եւ ի նշան երախտագիտութեան նուիրուեցաւ մեր սիրելի Սրբազանին: Իսկ պաննոյի վրայ աշխատած են 5-12 տարեկան սաներս` Ամիրեան Գոռը, Պետրոսեան Գագիկը, Պօղոսեան Ալենը, Աֆոնին Միքայէլը, Հայթեան Ռիմման, Աւետիսեան Նանէն, Շապոյեան Էդիտան, Շապոյեան Էլինան, Տէրտէրեան Մանէն, Յովսէփեան Ալինան, Յակոբեան Մարինան, Սահակեան Ճուլիեթան, Սահակեան Նարինէն, Հայթեան Արինան, Դարբինեան Արինան, Բեգլարեան Պելլան: Անուն առ անուն անդրադարձայ բոլորին, քանի որ պանոն ստացուեցաւ բոլորիս միասնական աղօթին, ծնողներու համախմբուածութեան եւ կազմակերպուածութեան շնորհիւ»,- անդրադառնալով պաննոյի ստեղծման պատմութեան` ըսած է Հրաչուհի Մարտիրոսեան:

Իսկ իւրօրինակ նուէրը թեմակալ առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանին յանձնուած է թեմի առաջնորդարանին մէջ` «Հայորդեաց տուն»-ի անձնակազմի եւ սաներու ներկայութեամբ:

Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեան օրհնեց շնորհաշատ փոքրիկները` մաղթելով, որ Աստուած Իր սէրն ու օրհնութիւնը հովանի դարձնէ անոնց եւ ըլլան առողջ ու ապրին ստեղծագործ շունչով: