ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Խմբագրական «Հայ Ձայն»ի

ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

(Դասեր ու Եզրակացութիւններ)

Իրան եւ Հայաստան բարեկամ երկիրներ են եւ տարածաշրջանին մէջ ունին բազմաթիւ հասարակաց շահեր: Երկար ատեն կը խօսուէր տնտեսական հսկայ ծրագիրներու մասին. եւ որպէսզի իրականութիւն դառնան այդ ծրագիրները անհրաժեշտ է որ առաջին հերթին զարգանայ ճանապարհաշինութիւնը եւ մանաւանդ նորոգուին եւ ամբողջացուին երկաթուղային ցանցերը: 2011ին, Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինաճատի Հայաստան այցելութեան շրջանին կը ծանուցուէր թէ արդեն համաձայնուած ծրագիր մըն էր երկաթուղային ցանցի մը կառուցումը: Իրան պիտի ստանձնէր այդ ցանցին 60 քիլոմեթրնոց բաժինը, Ճուլֆա քաղաքէն (Թաւրիզի հիւսիսը) մինչեւ Հայաստանի սահմանը, մինչ Հայաստան 400 քիլոմեթրնոց բաժինը իր հարաւային սահմանէն մինչեւ հիւսիս. եւ այս ծրագրին նպատակը պիտի ըլլար Պարսից Ծոցի քաղաքները միացնել Սեւ Ծովու քաղաքներուն, թէ մարդատար եւ թէ բեռնատար գնացքներով:

Երբ անցեալ շաբաթ Պարսկաստանի նախագահ Ռուհանին այցելեց Երեւան, Հայաստանի նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց թէ խօսակցութիւն ունեցած էր Իրանի նախագահին հետ տարանցումի անցք մը կառուցանելու Պարսից Ծոցի եւ Սեւ Ծովու միջեւ: Կը նշանակէ որ վերջին հինգ տարիներուն այդ ծրագիրը խօսակցութեան սահմանէն անդին չէ անցած: Միակ շօշափելի համաձայնագիրը որ ստորագրուած է նախագահ Ռուհանիի այցելութեան կապակցութեամբ ունի

մշակութային բնոյթ – մշակութային ժառանգութեան եւ զբօսաշրջիկութեան պայմանագիր մը: Արդէն Իրանի նախագահին այցէն առաջ բեռնափոխադրութեան ծրագիր մը ստորագրուած էր Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ, շրջանցելով Հայաստանը:

Մինչեւ վերջերս Իրան ենթակայ կը մնար միջազգային պատժամիջոցներու, հետեւաբար հնարաւորութիւն չունէր կովկասեան շրջանէն ներս համարձակ քայլեր առնելու. հիմա որ այդ պատժամիջոցներուն մէկ մասը արդէն վերցուած է եւ Իրանի պատկանող սառեցուած հսկայ գումարներ յանկարծ տրամադրելի դարձած են, վստահաբար Իրան պիտի դիմէ աւելի համարձակ քայլերու: Արդէն Իրանի նախագահին շրջապտոյտը սահմանափակուած չէ Հայաստանով: Ան Երեւանէն ետք այցելեց նաեւ Ղազախստան եւ Քիրքիզիստան: Իրանի նախագահին նպատակը

աւելի բացուիլ է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, որուն անդամ է նաեւ Հայաստան: Սակայն, Հայաստան Իրանը շլացնելիք բազմատեսակ արտադրութիւններ չունի. անոր միակ տուեալը աշխարհագրական դիրքն է որով կրնայ օգտուիլ տարանցիկ առեւտուրէն: Ի դէպ այս շրջանին Իրան Հայաստանի Պավրա ընկերութենէն գնած է սարքեր, որոնք երկրագործական արտադրութեանց

վնասող կարկուտը կը վերածեն անձրեւի:

Բնականաբար, Իրանի նախագահին այցելութեան շրջանին խօսուած է Արցախի խնդրին խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան մասին: Թեհրանի դիրքը այն է որ վերոյիշեալ տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ միջոցներով: Սակայն, եթէ հարցը խորացուած ձեւով քննուի՝ Թեհրան, ինչպէս Մոսկուա, տակաւին այն դիրքին վրայ են որ Արցախը մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան:

Իրան չափազանց զգոյշ քաղաքականութիւն մը կը վարէ շրջանային հարցերու մէջ – օրինակ, երբ վերջերս Իսրայէլի վարչապետը Պենիամին Նեթանեահու Պաքու այցելեց, այդ այցելութիւնը Իրանի համար կենաց-մահու նշանակութիւն ունէր. Իսրայէլ եւ Արեւմուտքը երկար ատենէ ի վեր ծրագրած են Իրանի վարչակարգը ծունկի բերել, օգտագործելով Ատրպէյճանը իբրեւ ռազմագիտական ցուցատախտակ:

Այսուհանդերձ շատ զուսպ էր Թեհրանի հրապարակային արտայայտութիւնը, հարցը սահմանափակելով իր կրօնական բնոյթին մէջ – Թեհրան յայտարարեց որ սիոնիստ երկրի վարչապետին այցը որեւէ իսլամական երկիր սրբապղծութիւն մըն է:

Իրան, Թուրքիա եւ Ռուսաստան դարաւոր դրացիներ, մրցակիցներ ու թշնամիներ եղած են: Շահերու բերումով անոնք կը մօտենան կամ կը հակադրուին իրարու: Այսօր Մոսկուա եւ Թեհրան դաշնակիցներ են Սուրիոյ պատերազմին մէջ, սակայն մրցակիցներ կը մնան կազի եւ քարիւղի դէպի Եւրոպա վաճառքին մէջ: Ի դէպ, այդ մրցակցութիւնէն տուժողը Հայաստանն է: Քանի Մոսկուայի

վերահսկողութեան ներքեւ կը գտնուի Հայաստանի կազի ներածումը, Մոսկուայի պարտադրանքով Հայաստան սահմանափակած է կազի խողովակներուն տրամագիծը որպէսզի յանկարծ իրանեան կազը Հայաստանի վրայով չփոխանցուի Եւրոպա, շրջանցելով Ռուսաստանը: Այդ իմաստով Թուրքիա եւ Արեւմուտքը ակամայ դաշնակիցներ կը դառնան Իրանի ռուսական ուժանիւթերու տարածումը սահմանափակելու իրենց քաղաքականութեան մէջ: Թէեւ Անգարա վերջերս

ստորագրեց Թրքական Հոսանքի (Turkstream) պայմանագիրը Մոսկուայի հետ, հակադրուելով Ամերիկայի:

Իրան զգուշաւոր է նաեւ այլ հարցերու մէջ, որոնք ուղղակի վիրաւորական են Հայաստանի համար: Օրինակ նախագահ Ռուհանի խուսափած է այցելելէ Ծիծեռնակաբերդ որ գրեթէ միջազգային արարողակարգով պարտադիր պահանջ մըն է օտար պետական այցելուներու համար: Իրմէ առաջ, նախագահ Ահմատինճատ եւս կրճատեց իր Հայաստան այցելութիւնը, իբրեւ թէ վերջին պահուն ստիպողական գործով մը վերադառնալով իր երկիրը:

Հայաստան վիրաւորելը այնքան մեծ քաղաքական հակադարձութիւն մը չի կրնար ունենալ որքան Թուրքիոյ զգայուն ջիղերուն դպչիլը:

Ժամանակին Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ եւս խուսափեցաւ Եղեռնի Յուշարձանը այցելելէ վախնալով Թուրքիայէն. այսուհանդերձ Էրտողան չխնայեց Ասատին եւ մինչեւ այսօր ալ կը պնդէ անոր գլուխը անճիտելու քաղաքականութեան վրայ: Տեսնելով թուրքին բնաւորութիւնը նախագահ Ասատ չզղջա՞ց իր աւելորդ զգուշաւորութեան համար:

Կամ՝ այդ երեւոյթը արդեօք զգաստացուցիչ դաւ մը չէ՞ նաեւ Իրանի համար: