«Մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի ձեզի հետ է ժողովո՛ւրդ հայոց Հալէպի: Թող աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակները իմանան, որ Սուրիոյ ու Հալէպի մեր ժողովուրդը տառապեցաւ, սակայն այսօր վերականգնած է, ու խաղաղութեան ծիածանը կամար կապած է Հալէպին վերեւ»:
Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ուրբաթ՝ 6 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, ազատագրուած Հալէպի մէջ աննախընթաց ցնծութեամբ նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը սփոփիչ ու գօտեպնդիչ էր տագնապահար հալէպահայութեան համար յատկապէս այն հանգամանքով, որ մեր ժողովուրդը զոյգ տօները կը նշէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ եւ օրհնաբաշխ ներկայութեամբ:
Խուռներամ բազմութեան կողքին, Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան թեմիս Ազգային Իշխանութեան, Պատկան Մարմնին ու հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչները, Սուրիոյ Խորհրդարանի Հալէպի եւ Դամասկոսի պատգամաւորներ, եւ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի անդամներ, Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Ֆրանսայի Խորհրդարանի անդամներ եւ լրագրողներ, Հալէպի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմնի ներկայացուցիչներ, քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ ՀՀ Հալէպի փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեան:
Ս. եւ Անմահ պատարագը մատուցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Առընթերականներն էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան եւ Տէր Նորայր Եպս. Աշըգեան։
Խորանի երգեցողութիւնը կատարեց Տէր Թորգոմ Ծայրագոյն Վարդապետ Տօնոյեան։ Խորանի սպասարկուներն էին՝ Հայր Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեան եւ Հայր Զաւէն Աբեղայ Նաճարեան։
Պատարագին մասնակցեցաւ Հալէպի հոգեւորականաց դասը, իսկ երգեցողութեան՝ Հալէպի հայ առաքելական չորս եկեղեցիներու միացեալ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ բժիշկ Սարգիս Սարկաւագ Իսկէնեանի։
Մեր Տիրոջ Յիսուսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը տուաւ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Տառապեալ ու տագնապեալ, բայց միշտ կանգուն Հալէպէն կ՛աւետեմ Աստուծոյ որդւոյն Ծնունդը մեր ժողովուրդի զաւակներուն ի սփիւռս աշխարհի, ըսելով՝ Քրիստոս ծնաւ ե յայտնեցաւ, ձեզի, մեզի մեծ աւետիս:
«Այսօր, ահաւասիկ Աստուծոյ խաղաղութեան ու սիրոյ արեւը կը ճառագայթէ Հալէպ քաղաքին վրայ. ինծի համար հոգեկան անհուն ուրախութիւն է տեսնել մեր ժողովուրդի զաւակները այս խուռներամ բազմութեամբ մեր հաւատքի տան, մեր եկեղեցւոյ մէջ: Ես մեր ժողովուրդի զաւակներուն աչքին մէջ արցունք կը տեսնեմ, սակայն միաժամանակ անոնց դէմքերուն վրայ կը տեսնեմ խաղաղութեան, յոյսի ու հաւատքի ճառագայթող ներկայութիւնը:
«Թող աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակները իմանան, որ Սուրիոյ ու Հաէպի մեր ժողովուրդը տառապեցաւ, սակայն այսօր վերականգնած է ու խաղաղութեան ծիածանը կամար կապած է Հալէպին վերեւ:
«Հալէպի հայութիւնը այստեղ պիտի մնայ: Պատմութեան ընթացքին ամրացած է անոր ներկայութիւնը այս քաղաքին մէջ:
«Դարեր շարունակ մենք այստեղ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն հետ ապրած ենք խաղաղութեամբ, գործակցութեամբ ու փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ: Թող աշխարհը իմանայ, որ Հալէպը քրիստոնեայ, իսլամ գոյակցութեան քաղաքն է: Ոմանք փորձեցին աղաւաղել Հալէպի դիմագիծը, ինքնութիւնը, սակայն Հալէպը կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ ապրիլ իր քրիստոնեայ-իսլամ բնակչութեան գոյակցութեամբ, վերանորոգ կամքով ու նուիրումով»:
Վեհափառ հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնելով Հալէպի ժողովորդին յայտնեց. «Մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի ձեզի հետ է ժողովուրդ հայոց Հալէպի: Ինչպէս անցնող հինգ տարիներուն, այսօր եւս մենք զօրավիգ կը կանգնինք, կ՛աջակցինք ձեզի բառին ամբողջական իմաստով:
«Այս հոգեպարար պահուն իմ աղօթք կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ խաղաղութիւնը տարածուի ողջ Սուրիոյ տարածքին, որպէսզի սուրիահայութիւնը շարունակէ իր կամակերպ կեանքը ապրիլ Սուրիոյ մէջ:
«Սուրիոյ հայութիւնը մեր ազգին կեանքէն ներս իր առանձքային դերը ունեցած է: Վստահ ենք, որ վերանորոգ թափով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:
«Հազար փառք ու յարգանք Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս Հալէպի մեր ժողովուրդին: Հաւատքով ու յոյսով թրծուած շարունակեցէք ձեր կեանքը, ի խնդիր խաղաղութեան ու համայնքներու, ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ ամրապնդուած գոյակցութեան»:
Ապա վեհափառ հայրապետը թափօրին ընկերակցութեամբ, հոծ բազմութեան օրհնութիւններ բաշխելով, ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ ներքնասրահ, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային Աջահամբոյր։
Հուսկ, ազգային մարմիններ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ու Հալէպի նահանգապետին գլխաւորութեամբ պետական պաշտօնական պատուիրակութիւններ շնորհաւորական այցելութիւն տուին վեհափառ հայրապետին, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին ու Ազգ. Իշխանութեան: