Հայաստանի ՄԻՊ. «Լափշինի արտայանձման փաստը ակնյայտօրէն կապուած է խօսքի ազատութեան նկատմամբ ոտնձգութեան հետ»

ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարութիւն տարածած է Պելառուսիոյ կողմէն լրագրող Ալեքսանդր Լափշինը Ատրպէյճան արտայանձնելու դէպքին առնչութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմէն։

«Ալեքսանդր Լափշինի ձերբակալումը եւ անոր արտայանձնումը չի կրնար որեւէ նշանակութիւն ունենալ Արցախի մէջ լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու աշխատանքին համար: Այդ աշխատանքը համարուած է եւ միշտ պիտի համարուի իրաւաչափ. այս է սկզբունքը: Ա. Լափշինի արտայանձման փաստը ակնյայտօրէն կապուած է խօսքի ազատութեան նկատմամբ ոտնձգութեան հետ: Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքոյ յայտնուելէն անմիջապէս ետք ձեռնաշղթաներ կրող լրագրողին դիմակաւորուած ուժային անձերու կողմէն ուղեկցումը ու անոր լայն լուսաբանումը արդէն իսկ կը վկայեն անոր նկատմամբ արգիլուած վերաբերմունքի ակնյայտ յատկանիշներու մասին: Միջազգային լրագրողներու, իրաւապաշտպաններու կողմէն այցելութիւնները Արցախ խթանելը, միջազգային հանդիպումներուն Արցախի ժողովրդավարական հիմնարկներու մասնակցութեան նպաստելը պէտք է ըլլան իւրաքանչիւրիս աշխատանքի հիմնարար ուղղութիւններէն մէկը: Այդ ուղղութեամբ հիմնարար աշխատանք տանելուն այլընտրանք չկայ»,- նշուած է ՄԻՊ մեկնաբանութեան մէջ: