Ֆրանսուա Օլանտ. «Ժխտել երէկուան կոտորածները, կը նշանակէ թոյլ տալ նման կոտորածներու վաղը»

Ժխտել երէկուան կոտորածները, կը նշանակէ թոյլ տալ նման կոտորածներու վաղը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-­ը` վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie-ն, նման յայտարարութեամբ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ` անդրադառնալով Ֆրանսային Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան» մասին օրէնքին մէջ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող դրոյթներու հակասահմանադրական ճանչնալուն:

«Ես կ’ողջունեմ Ժան Փոլ Քոսթայի կողմէ կատարած աշխատանքին որակը, որ քաղաքացիութեան եւ հաւասարութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու հեղինակն էր»,­-  նշած է Ֆրանսայի նախագահը:

Անոր խօսքով` անհրաժեշտ է շարունակել քայլեր կատարել, քանի որ այս հարցով պայքարը ոչ թէ միայն մէկ քայլ է, այլ պայքար ճշմարտութեան համար: Օլանտ յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նաճաթ Վալոպբելքասեմի եւ պատմաբան Վինսեն Տիւքլերի համանախագահութեամբ ստեղծուած է առաքելութիւն մը, որուն նպատակն է «Հիմնել բոլոր ցեղասպանութիւններու, պատերազմի յանցագործութիւններու, որոնց մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի միասնական օր մը»:

Անդրադառնալով հայ­-ֆրանսական յարաբերութիւններուն` Ֆրանսուա Օլանտ յիշեցուցած է, որ 2017-ին կը լրանայ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-­ամեակը: «Ես հրաւիրած եմ նախագահ Սարգսեանը պաշտօնական այց կատարելու Փարիզ, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8-­ին` կանանց տօնին: Ատիկա հնարաւորութիւն է անդրադառնալու տնտեսական, մշակութային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական համագործակցութեան: Միաժամանակ, պիտի քննարկենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, քանի որ Ֆրանսան այս հարցով առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն ունի: Այս հակամարտութեան լուծում գտնելը հրատապ հարց է»,­- շեշտած է Ֆրանսայի նախագահը:

Եզրափակելով խօսքը` Օլանտ բարձր գնահատած է նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը: «Այստեղ մենք կը խօսինք Ֆրանսայի լաւագոյն մասի հետ, քանի որ դուք Ֆրանսայի լաւագոյններն էք: Նոյնիսկ Մայիսէն ետք ես մշտապէս պիտի ըլլամ ձեր կողքին, քանի որ միշտ ալ եղած եմ: Չեմ ունենար միեւնոյն պատասխանատուութիւնը, սակայն կ’ունենամ միեւնոյն համոզումները»,­ ամփոփած է Օլանտ: