Փետրուարեան ապստամբութիւնը որ կայացաւ 1921 Փետրուար 18-ին, ընդդէմ Հայաստանի մէջ նոր հաստատուած կարգերուն՝ բաւական մելան հոսեցուցած է հայ մամուլին եւ հայ պատմագրութեան մէջ, վերածուելով գաղափարական դրօշի եւ հատուածական կռուախնձորի: Ժամանակին, երբ կը քննադատուէր այդ ապստամբութիւնը դժուար չէր քաղաքական պիտակներ շպրտել քննադատողի երեսին, իբրեւ «սովետական ագենդ» կամ համայնավար ուղեկից:
Հիմա որ սովետն ու համայնավարութիւնը կործանած են եւ դարձած են իրենց դարն ապրած պատմական իրողութիւններ, ալ իրաւունք չունինք ցուրտ պատերազմի յատուկ բնորոշումներով հաստատումներ կատարելու: Երբ 96 տարուան հեռաւորութենէ մը կը դիտենք պատմական իրողութիւնները՝ իրաւունք չունինք հատուածական կիրքով բնութագրելու պատմական իրադարձութիւնները:
Բռնատիրութեան դէմ ըմբոստանալու երեւոյթը բնականօրէն առատ նիւթ կրնայ հայթայթել հռետորական ելոյթներու, սակայն պատմութիւնը չի գրուիր այդ ելոյթներով, ոչ ալ ճշմարտութիւնները կրնան սահմանուիլ անոնց առթած հրաբորբ տարազներով:
1918-ին հռչակուած Հայաստանի անկախութիւնը համայն հայութեան երազներուն իրականացումն էր եւ այդ իրողութեամբ ալ հայութեան տարբեր հատուածները միեւնոյն ջերմեռանդութեամբ համախմբուեցան անոր շուրջ: Տարբեր հարց՝ որ տարի մը չանցած այնտեղ իշխանութեան եկած էր մենատիրական կուսակցութիւն մը որ իր հերթին անխուսափելիօրէն պիտի յառաջացնէր նոյնպիսի ընդդիմութիւն, որուն հազիւ կարենար դիմանալ նոր գոյութեան կոչուող երկիր մը՝ վեց դարու ստրկութենէն ետք:
1920-ի Դեկտեմբեր 2-ին, երբ Հայաստանի մէջ կը հաստատուէր նոր հասարակարգ՝ Խորհրդային իշխանութիւն. մինչ այդ տիրող իշխանութիւնը կամովին կատարեց այդ փոխանցումը, խոհեմաբար հաշուարկելով հզօրացող սովետական ոյժի ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ: Տիրող դաշնակցութեան կողմէ Դրօ եւ Տէրտէրեան մաս կազմեցին Յեղափոխական Կոմիտէին որ փոխանցման իշխանութիւնն էր:
Այդ հանգրուանին դաշնակցականները արդարացուած էին ընդվզելու նոր իշխանութեան դէմ, որ դաժան եւ արիւնալի հաշուեյարդար կը կազմակերպէր նախկին իշխանաւորներուն եւ անոնց հետեւորդներուն նկատմամբ, կացինահարելով եւ բանտերու տաժանքին ենթարկելով զանոնք:
Սակայն, դաշնակցութիւնն ու համայնավարութիւնը, որոնք ընկերվարական դաւանանքի երկու ծայրայեղ երեսները կը ներկայացնէին, նուազ անգութ չգտնուեցան իրենց հակառակորդներուն նկատմամբ: Աւելի ուշ, Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն Գարեգին Նժդեհի ցուցաբերած խժդժութիւնները պակաս չմնացին համայնավարներու գործած ոճիրներէն, երբ նժդեհականներ Տաթեւի բարձունքէն վար, իրենց մահուան գիրկը գլորեցին գերի ինկած համայնավար երիտասարդները:
Այսպիսին էր պատմական խորքը Հայաստանի նորահաստատ իշխանութեան առաջին օրերուն, երբ միջազգային սակարկութիւններ կը կատարուէին, նորանկախ երկիրներու սահմաններ կը գծուէին եւ ժողովուրդներու ճակատագիրները կ’որոշուէին:
Այն օրը, Դեկտեմբեր 20, 1920-ին, երբ իշխանութեան փոխանցում կը կատարուէր՝ դաշնակցական իշխանութիւնը միւս կողմէ կը ստորագրէր Ալեքսանտրապոլի դաշնագիրը՝ Հայաստանի ամբողջ ճակատագիրը դնելով քեմալական Թուրքիոյ հովանիին տակ: Սակայն, Սովետական իշխանութեան հաստատումէն ութ օր վերջ, Կասեանի դահլիճը չեղեալ կը նկատէր Ալեքսանտրապոլի դաշնագիրը եւ կոչ կ’ուղղէր Թուրքերուն՝ վերաքննելու այդ դաշնագրի պայմանները: Միեւնոյն ատեն Հայաստան յարաբերութեան մէջ երբ Ռուսիոյ Չիչերինի հետ, առաջարկելով վերաքննել այդ պայմանագիրը Մոսկուայի մէջ կայանալիք թուրք-սովետական բանակցութեանց ընթացքին:
Միջազգային քաղաքական քարտէսին մէջ կը տիրէր ճիշդ այսօրուան պատկերը-Արեւմուտքը եւ Թուրքիա կը ջանային սահմանափակել նոր կազմուող սովետական իշխանութեան ծաւալումը. կամ ի հարկին, տապալել այդ իշխանութիւնը, ոտքի տակ առնելով Մոսկուայի դաշնակից փոքր ժողովուրդները: Հետեւաբար, հարուածել Մոսկուայի դաշնակից փոքր ժողովուրդները: Հետեւաբար, հարուածել Մոսկուայի ենթակայ Հայաստանը մաս կը կազմէր հակառուսական, կամ՝ հակասովետական ընդհանուր քաղաքականութեան:
Երբ պայթեցաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ կազմուեցաւ «Փրկութեան Կոմիտէն», անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետին՝ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ, դաշնակցական ղեկավարութիւնը այլեւս չցուցաբերեց 1920-ի իր խոհեմութիւնն ու քաղաքական շրջահայեացութիւնը, որովհետեւ թուրքերն ու Արեւմուտքը օգնութեան խոստումներ կատարած էին:
Զարմանալիօրէն Փրկութեան Կոմիտէի ղեկավարները թրքամէտ էին դարձած: Արդարադատութեան նախարար Ռուբէն Դարբինեան կը պնդէր որ «պէտք է հաշտուիլ եւ գործակցիլ թուրքին հետ ոեւէ գնով»: Եւ, արդարեւ, ըմբոստներու այդ խումբը որ ձեռք ձգած էր երկրի իշխանութիւնը պաշտօնական դիմում կատարեց այն թուրքին որ քանի մը տարի առաջ բնաջնջած էր մէկ ու կէս միլիոն հայ եւ ամայացուցած պատմական Հայաստանը:
Թուրքերը, բնականաբար, օգնութեան այդ ձեռքը չերկարեցին, որովհետեւ արդէն յաջողցուցած էին իրենց քաղաքական խաղը՝ անտէր թողելով Հայաստանը:
Չբաւէր կարծէք թուրքին օգնութեան հաւատալու քաղաքական տհասութիւնը Սիմոն Վրացեան հեռագիր մըն ալ կը ղրկէր Չիչերինի որ Հայաստանի Խորհրդային իշխանութեան պատուիրակ Ա. Բեկզատեան, որ ճամբայ ելած էր մասնակցելու թուրք-սովետական բանակցութեանց, իրաւունք չունէր ներկայացնելու Հայաստանը. աւելին՝ կ’առաջարկէր անփոփոխ պահել Ալեքսանտրապոլի նուաստացուցիչ դաշնագիրը: Այդպիսով ալ Հայաստան իր ներկայացուցիչը չունեցաւ Թուրքիոյ հետ իր սահմանները գծող ժողովին:
Աւելի ուշ երբ պարտուեցաւ Փրկութեան Կոմիտէն եւ վերահաստատուեցաւ Խորհրդային իշխանութիւնը, արդէն կատարուած իրողութեան առջեւ գտնուեցաւ Հայ ժողովուրդը: Մոսկուայի Դաշնագիրը ստորագրուած էր 1921 Մարտ 16-ին, առանց Հայաստանի մասնակցութեան: Իսկ Հոկտեմբեր 13, 1921-ին այդ դաշնագիրը ամրագրուեցաւ Կարսի մէջ, եւ այս անգամ Մոսկուայի իշխանութեանց ճնշումով զայն ստորագրեցին նաեւ Սովետական Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Հայաստանի այսօրուան սահմանը Թուրքիոյ հետ կը պարտինք վերոյիշեալ այդ զոյգ դաշնագիրներուն, որոնց հետեւանքով Հայաստանը կորսնցուց Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն եւ Արարատը: Աւելին, Կարսի դաշնագրի Ա. յօդուածի Բ. մասով Նախիջեւանը կը հռչակուէր ինքնախար հողամաս, Ատրպէյճանի հովանիին տակ, պայմանաւ որ ան չզիջէր այդ հողամասը ոեւէ երրորդ պետութեան: Թուրքիա այդ պայմանագրի երաշխաւորներէն մէկը կը դառնար:
1994-ին երբ հայերը ոգեւորութեամբ կը վերատիրանային Արցախի, բազմաթիւ հայրենասէր հայեր կոչ կ’ուղղէին նաեւ գրաւելու Նախիջեւանը, որ իրօք, մնացած էր անտէր: Սակայն, օրուան իշխանութիւնները որոնք գիտակ էին պատմութեան, չենթարկուեցան այդ փորձութեան, լաւ իմանալով պատմութիւնը եւ գիտնալով որ նման քայլ մը Թուրքիան պիտի հրաւէր ներխուժման:
Փետրուարեան ապստամբութիւնը որով թուրքերը ապահովեցին իրենց սպասուած հեռագիրը Մոսկուայի դաշնագրի ստորագրութեան օրը, հանգիտութիւններ ունի 1974-ի Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւման հետ: Արդարեւ, այս անգամ Ամերիկայի պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըրի սադրանքով, Կիպրոսի մէջ պետական յեղաշրջում կատարուեցաւ, պատրուակ ծառայելու Թուրքիոյ, որ խուժէ Կիպրոս, իբրեւ 1960-ի Կիպրոսի անկախութեան աքթի երաշխաւոր, ճիշդ այնպէս ինչպէս Կարսի մէջ երաշխաւոր դարձած էր Նախիջեւանին:
Երբ յստակ են պատմական տուեալները՝ տօնախմբելու առի՞թ է Փետրուարեան ապստամբութիւնը՝ թէ կորուստներու վրայ սգալու օր:
Այսօր, թուրքերը, իրենց փրոթոքոլներու դաշինքով կը փորձեն անկախ Հայաստանին վաւերացնել տալ Կարսի Պայմանագիրը, որուն մերժումը այսօր իրաւական նշանակալի տուեալ մը կը մնայ հայ ժողովուրդի ձեռքին:
Եթէ ցոյց տրուի մեզի թէ հայութիւնը ի՞նչ շահեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեամբ, կրնանք ազգովին մասնակցիլ անոր տօնախմբութեան:
Սակայն, ամէնէն կարեւորը՝ կորսնցուցինք մեր պատմական տարածքները եւ մեր երկիրը սեղմուեցաւ ներկայի նեղ սահմաններուն մէջ:
Այդ ապստամբութեան հետեւանքով կորսնցուցինք 20 հազար երիտասարդութիւն՝ արիւնաքամ Հայաստանի երակներէն:
Տասը հազար հայեր լքեցին հայրենիքը եւ միանալով Փրկութեան Կոմիտէի ղեկավարներուն փախուստ տուին դէպի Պարսկաստան:
Սիմոն Վրացեան եւ իր խումբը իրենց տարին նաեւ Հայաստանի պետական գանձը, երկար տարիներ արտասահմանի մէջ երաշխաւորելով կուսակցութեան պիւտճէն:
Ահաւասիկ թէ ի՜նչ տուաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը:
Ինչ որ չտուաւ՝ Հայաստանի անկախութիւնն էր:
Խմբագրական Պայքար շաբաթաթերթի
Փետրուար 26-2017