«Հիւրրիէթ» թերթը հրապարակեց Թուրքիոյ ամէնէն գեղեցիկ տասը գիւղերուն ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած են նաեւ հայկական գիւղեր: Ակնառու առաջին հայկական շրջանը Երզնկայի հայկական Ապչաղա (Ապուչեխ) գիւղն է: Թուրքիոյ մէջ շատեր գիտեն` «Այնտեղ, Հեռուն, Գիւղ մը Կայ» բանաստեղծութիւնը, որ նուիրուած է այս գիւղին, սակայն քիչեր գիտեն, թէ այդ գիւղը հայկական է: Այս մասին կը նախընտրէ լուռ մնալ նաեւ «Հիւրրիէթ» թերթը, որ կը գրէ, թէ Եփրատ գետի ամէնէն գեղեցիկ տեսարաններէն մէկը լեռնային այս բարձր գիւղէն կ՛երեւի:
«Հիւրրիէթ» նաեւ անդրադարձաւ հայկական Վագըֆ գիւղին, որ պաշտօնապէս արձանագրուած է իբրեւ Թուրքիոյ տարածքին միակ հայկական գիւղը: Գիւղը ունի իր եկեղեցին ու պանդոկը: Կիլիկիոյ վերջին հայաբնակ գիւղին մասին թերթը կը գրէ. «Վագըֆլը գիւղ, որ առանձնայատուկ գեղեցկութեան մէջ ընկղմած է` նարինջի ու լեմոնի իրծառերով: Այս գիւղին մէջ կրնաք ծանօթանալ հայկական մշակոյթին ու ճաշակել տեղական խոհանոցիհամեղ ճաշերը»: Կը նշուի նաեւ, որ այդ գիւղին մէջ տակաւին մօտաւորապէս 80 հայ կ՛ապրի:
Ցանկին վրայ կան նաեւ համշէնական Մարալ գիւղը, որ Արդուինի զմրուխտապատ լեռներուն մէջ կը գտնուի: Գիւղի ամէնէն յայտնի եւ տեսարժան վայրը Մաճահել անունով ջրվէժն է: Այստեղ համշէնական հին փայտեայ տնակներն ու խիտ անտառները պահպանուած են տակաւին: