Մարտ 22-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ 2016 թուականի Յուլիսին Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդը գրաւած «Սասնայ ծռեր» խումբին սնունդ տարած եւ ատկէ ետք «Հաց բերող» անունով յայտնի դարձած Արթուր Սարգսեանի յուղարկաւորութիւնը:
Բազմաթիւ քաղաքացիներ, հասարակական գործիչներ, «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներու ընտանիքներու անդամներ եւ այլք ներկայ էին` հրաժեշտ տալու Արթուր Սարգսեանին:
Յուղարկաւորութիւնը Երեւանի Շահումեանի գերեզմանատան մէջ վերածուեցաւ սգոյ հանրահաւաքի, երբ հնչեցին նաեւ քաղաքական յայտարարութիւններ:
Ներկաներուն համար Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Սիւզան Սիմոնեան կարդաց «Հաց բերող»ին կենսագրութիւնը: «Արթուր Սարգսեան ծնած է 1968 թուականի Օգոստոս 9-ին, փայտի գեղարուեստական փորագրող, արցախեան ազատամարտի մասնակից է: 1992-ին աւարտած է Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանի մեքենաշինութեան բաժինը: 2002-ին գերազանցութեամբ աւարտած է Երեւանի ֆինանսադրամատնային համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը, 2007-ին` նոյն համալսարանի Ֆինանսներ եւ վարկեր բաժինը:
Արթուր Սարգսեան մասնակցած է արցախեան ազատամարտին: Վիրաւորուած է դիրքեր հաց տանելու ժամանակ»:
Ան Յուղարկաւորուեցաւ իր ձեռքով պատրաստուած դագաղին մէջ` մարդոց ծափերուն տակ:
«Սարգսեան թաղուեցաւ յատուկ գերեզմանի մը մէջ, որ ե՛ւ դագաղը, ե՛ւ մարմինը շատ երկար ժամանակ կը պահպանուի, որովհետեւ կը ցանկան զայն տեղափոխել Եռաբլուր: Եթէ չյաջողի, ապա ասոր վրայ յուշարձան պիտի կառուցուի», յայտնած է դերասանուհի Թամար Յովհաննիսեան:
Յիշեցնենք, որ երկրորդ ձերբակալութեան 1ին օրուընէ Արթուր Սարգսեան անժամկէտ յայտարարեց հացադուլ, որուն հետեւանքով, ըստ անոր փաստաբաններուն, անոր առողջութիւնը անդառնալիօրէն քայքայուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ անոր մահուան:
«Հաց բերող»ին մահէն ետք Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյցեր` զայն «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ յուղարկաւորելու պահանջքով: