Ներգաղթ 1946-1963, 120.000 հոգի, Արտագաղթ 1995-մինչեւ այսօր 1.000.000 հոգի
Ընտրուիլ Հայցողներէն,
Նախ Այս Ազգային Պատուհասին Դարման
Կը Պահանջուի Առաջարկել,
Եթէ Ունին Թող Ձեռք Բարձրացնեն…
Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Այս օրերուն հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցներուն համար, եւ ինչու չէ նաեւ ընդհանրապէս ամբողջ հայութեան համար, ամէնէն այժմէական քաղաքական հրապարակախօսութիւնները եւ բանավէճերը կը կատարուին յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեանց մասին: Հաւանական է նաեւ որ երբ այս գրութիւնը լոյս տեսնէ, ընտրութիւնները արդէն իսկ աւարտած ըլլան: Սակայն այս նիւթը անկասկած պիտի պահէ իր կարեւորութիւնը եւ հրատապ բնոյթը:
Ակներեւ է որ այս յօդուածին վերնագրով իսկ բնորոշուած նիւթը, թէեւ պարտէր հայութիւնը յուզող գլխաւոր նիւթերէն մէկը ըլլալ, դժբախտաբար սակայն այդպէս չեղաւ մինչեւ այսօր: Կասկած չունիմ նաեւ թէ ընտրութեանց շահող կողմն ալ իր օրակարգին առաջին նիւթը պիտի չնկատէ, ազգային խոշորագոյն այն տագնապը որ արտագաղթով Հայաստանի բնակչութեան շարունակական հոսքն է դէպի դուրս եւ իբրեւ արդիւնք, դէպի ազգային կարեւորագոյն դրամագլուխի սպառումը:
20րդ դարու կիսուն, վերոյիշեալ տարիներուն ներգաղթի աննախընթաց շարժումը, մաքուր հայրենասիրութեան, ինչ որ այսօր յաճախ կ’որակենք որպէս «ռոմանթիք հայրենասիրութիւն», գերազանց արտայայտութիւնն էր: Բազմահազար ընտանիքներ, մեծ մասով բարեկեցիկ եւ հանգիստ կերպով հաստատուած իրենց կարճ ժամանակ առաջ գաղթած երկիրներուն մէջ, տուն տեղ եւ գործ հաշուեյարդարի ենթարկելով կարաւաններ կազմեցին եւ վերադարձան Հայաստան:
Անձնապէս, որպէս պատանի կամ հազիւ երիտասարդ, կենդանի վկան եմ այդ օրերու անխառն ապրումներուն, քանի որ հայրս եւ երէց եղբայրս, մեզ ի վերջոյ ընտանեօք դրին այդ կարաւաններէն մէկուն մէջ: Վերջին հանգրուանին, պատահեցաւ որ ես մնացի դուրս, քանի որ մեկնած էի Ամերիկա դոկտորական ուսումս վերջացնելու համար: Այդ մանրամասնութիւնները կը վերաբերին յուշերուս:
Ներգաղթը որ աւելի քան հարիւր քսան հազար հայերով աւելցուց Հայաստանի այդ օրերու բնակչութեան թիւը, պարզ հայրենասիրական գինովութեան պատահար մը չէր երբեք: Այդ օրերուն Հայաստանի, որպէս ուրոյն Խորհրդային Հանրապետութեան գոյութիւնն էր որ փրկեց ներգաղթը: Արդարեւ, Համաշխարհային պատերազմին տուած իր մեծ թիւով զոհերուն պատճառով նուազած բնակչութեան հետեւանքով, եւ Խորհրդային կարգերու օրէնքներուն համաձայն, Հայաստանը հասած էր իր գոյութիւնը կորսնցնելու վտանգաւոր սահմանին:
Այդ օրերուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իրենց քարոզչական, կազմակերպչական եւ նիւթական բոլոր միջոցները զօրաշարժի ենթարկած էին, տառացիօրէն հայ ազգը եւ հայրենիքը փրկելու սահմանուած այդ ճակատագրական շարժումը յաջողցնելու համար: Միւս կողմէ պէտք չէ մոռնալ թէ Դաշնակցութիւնը կը ջատագովէր հայոց գաղթը դէպի Թէքսասի եւ Արիզոնայի անապատները…
Դժբախտաբար, ինչպէս յայտնի եղաւ աւելի վերջ, Հայաստանը բոլորովին պատրաստ չէր, առաջին շրջանին, բարւոք կերպով ընդունելու ամէն ինչ զոհելով հայրենիք վերադարձող ներգաղթողները: Պարագաները բարեբախտաբար շատ աւելի լաւ էին վաթսունական թուականներուն շարունակուած ներգաղթի երկրորդ հանգրուանին:
Վերլուծական պարզ ակնարկ մը ընդհակառակը ցայտուն կերպով դէմ յանդիման կը դնէ որեւէ խորհող հայ, այսօրուան ահաւոր պատկերին: Արդարեւ, վերեւը նկարագրուած վիճակին ամբողջական եւ անփառունակ հակապատկերն է այսօրուան, ճգնաժամային վիճակին հասած, շարունակական արտագաղթը Հայաստանէն:
Տրամաբանական պարզ մտածողութեան հետեւանքով հասնելիք եզրակացութիւնը դժբախտաբար կ’առաջնորդէ ահաւոր հետեւանքներու: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ապագան, հիւծող բնակչութեամբ Հայաստանի մը:
Մինչ անկախացած հայրենիքին մէջ այս վայրկեանիս կը տիրեն մրցակցութիւններ եւ քաղաքական հակամարտութիւններ, որպէսզի անհատներ կամ խմբաւորումներ գլուխը անցնին, կամ շարունակեն մնալ, երկրի կառավարման վարչակարգին, մինչ կոչեր կ’ուղղուին սփիւռքահայութեան որպէսզի անոնք ներդրումներ կատարեն Հայաստանի մէջ, մինչ հայ քաղաքական կամ այլ համախմբումներ , կը խօսին, կը գրեն, կը պայքարին եւ կը պահանջեն որ արդարութիւն կատարուի «Հայկական հարցին եւ պահանջքներուն» նկատմամբ, նոյնիսկ պահանջելով եւ ակնկալելով թէ նաեւ վերադարձուին մեր հողերը, արդեօք մէկին եւ բացայայտ չէ՞ թէ այդ բոլորը կը դառնան անիմաստ, անարդարանալի, չըսելու համար ծիծաղելի, երբ միւս կողմէ Հայաստանի բնակչութիւնը անհատնում շարքերով կը հոսի դէպի դուրս…
Այս օրերուն մինչ ընտրապայքարի տարբեր լոզունքներով, տարբեր խմբաւորումներ, իբրեւ թէ քուէարկողները տարբեր խոստումներով դէպի իրենց կը ջանան մօտեցնել, անդին խոշորագոյն եւ հիմնական ազգային տագնապը արտագաղթի կրծող քաղցկեղն է:
Հայաստանի գլուխը եղող, կամ գլուխը գալ ուզող կամ յաւակնող որեւէ կուսակցութիւն, կամ դաշինք, պարտի նախ եւ առաջ լուծում գտնել կամ առաջարկել այս պատուհասին դէմ:
Այս անարարկելի իրականութիւնը հաստատելէ ետք, կարելի չէ թողուլ եւ անցնիլ: Յաջորդ անխուսափելի հարցումն է, ի՞նչ են այս պատուհասին տուն տուող պատճառները եւ ի՞նչ է դարմանը:
Արտագաղթը կասեցնելու համար կարելի չէ եւ ընդունելի ալ չէ, որ ջանացուի օրինական արգելքներ դնել անոր դէմ: Արտագաղթը դանդաղեցնելու, կասեցնելու եւ նոյնիսկ շրջելու համար պէտք է անոր սնուցանող պատճառները վերացուին Հայաստանի մէջ տիրող կացութենէն: Տարբեր ձեւերով ստացուած, տեսնուած եւ պատմուած բոլոր տուեալներուն համաձայն, առաջին հերթին, այս պատճառներէն խոշորագոյնը առօրեայ կեանքին մէջ տիրող կամայական գործելակերպն է: Այդ պատճառաւ ալ սովորական քաղաքացին ինքզինք պաշտպանուած չի զգար, երբ դիմէ ոստիկանութեան, դատարան եւ ընդհանրապէս պաշտօնապէս յայտարարուած օրէնքին պաշտպանութեան:
Ինչպէս գրած էի ուրիշ առիթով, հասկնալի եւ անհրաժեշտ է որ սովորական քաղաքացին իր ապրած երկրին առօրեայ գործառնութեան մէջ ակնկալէ նորմալ բարոյականի եւ արդարութեան տիրապետումը:
Հակառակ պարագային, երբ Հայաստանի սովորական բնակիչը ինքզինք անզօր կը զգայ երբ արդար աշխատանքով եւ ջանասիրութեամբ իր ապագային մէջ յառաջդիմելու ակնկալութեամբ կ’աշխատի եւ առջեւը կը տեսնէ անվերջ եւ անպատիժ կամայականութեան գործադրութիւնը, ինչպէ՞ս կարելի է զինք այպանել երբ կ’որոշէ իր բախտը փնտռել ուրիշ երկիրներու մէջ: Նորմալ բարոյականի եւ արդարութեան նկատմամբ արհամարհանքի ցայտուն փաստ չէ՞ երբ այսօր քուէարկող պարզ հայաստանցին փոխանակ լրջօրէն հետեւելու ընտրապայքարին, եւ իր եւ երկրին բարօրութիւն խոստացող լաւագոյն կուսակցութիւնը, դաշինքը կամ թեկնածուն փնտռելու, ան կը փնտռէ պարզապէս այն խումբը որ պատրաստ է ամենաբարձր գինով գնելու իր քուէն:
Այսպիսի վիճակ ի՞նչ հոգեբանական մթնոլորտ կ’ենթադրէ երկրին սովորական բնակիջին մօտ:
Սայթաքումներ կը պատահին որեւէ երկրի մէջ, սակայն քաղաքակիրթ որեւէ երկրի մէջ ծանր պատիժներ սահմանուած են եւ կը գործադրուին բացայայտ կերպով այսպիսի վարուելակերպ ցուցադրողներուն նկատմամբ:
Կ’ակնկալենք մեր հայրենիքէն որ այս վերջիններու շարքին հասնելու համար, համապատասխան գործելակերպ ջատագովէ եւ որդեգրէ:
Խորհրդարանական ընտրութիւններու այս շրջանին, կ’ակնկալենք այսօր որ անոնք որոնք կը յաւակնին կամ կը հայցեն առաջնորդութիւն ստանձնել Հայաստանի կառավարման կառոյցին մէջ, քաջութիւնը ունենան նախ հրապարկաւ յայտնելու իրենց ծրագրին մանրամասնութիւնները որոնց նպատակը պարտի ըլլալ ամբողջովին բարփոխել երկրին մէջ վերոնշեալ, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ, տիրող մթնոլորտը եւ գործելակերպը:
Անոնք պարտին յոյս եւ վստահութիւն ներշնչել պարզ քաղաքացիին մօտ թէ ինք կրնայ ապաւինիլ օրէնքին եւ թէ իր արդար աշխատանքին արդար վարձատրութիւնը պիտի գտնէ իր հայրենիքին մէջ:
Այն ժամանակ է որ հայաստանցին պիտի մնայ իր երկրին մէջ եւ զայն ճոխացնէ եւ հարստացնէ: Այն ժամանակն է որ շատ մը սփիւռքահայեր եւս պիտի գան եւ հաստատուին իրենց հայրենիքի մէջ: Այն ժամանակն է որ կրնայ ակնկալուիլ եւ նոյնիսկ պահանջուիլ որ սփիւռքահայը իր հայեացքը ուղղէ դէպի Հայաստան եւ կարեւոր ներդրումներ կատարէ այնտեղ: Այն ժամանակն է նաեւ որ կ’արդարանայ հայուն պահանջքը աշխարհէն որ հատուցում կատարուի իր դէմ կատարուած անարդարութեանց համար: Եւ նոյնիսկ իրեն վերադարձուին պատմականօրէն իրեն պատկանող հողերը:
Այն ժամանակ է, վերջապէս որ այս յօդուածիս վերնագրին թիւերը կը յեղաշրջուին եւ արտագաղթը կը վերածուի յոյսով եւ լոյսով լեցուն ներգաղթի:
Ահա թէ ինչու կը պահանջուի որ իրենց ձեռքերը վեր բարձրացնեն այն ընտրուիլ հայցողները որոնք քաջութիւնը ունին խոստանալու թէ պիտի իսկապէս գործեն, վերոյիշեալ ազգային գերագոյն շահերը իրագործելու միտող վճռական կեցուածքով:
Ամէն սփիւռքահայ եւս վստահօրէն պատրաստ է այն ժամանակ իր գործակցութիւնը եւ օգտակարութեան բաժինը բերելու Հայաստանի կառավարութեան, վարչապետին կամ նախագահին երբ մանաւանդ տեսնէ այնտեղ-այստեղ յայտնուած բարեփոխումներուն գործադրութիւնը:
Մոնթրէալ