Անմիջականօրէն հետեւելով ապրիլ 2-ին կայացած ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին¸ ինչպէս նաեւ անոնց նախորդած եւ յաջորդող իրադարձութիւններուն¸
Ուսումնասիրելով միջազգային¸ տարածաշրջանային¸ սփիւռքեան ու տեղական դիտորդական առաքելութիւններու եզրակացութիւնները¸ քուէարկութեանց մասնակից ՌԱԿ անդամներուն զեկուցումները¸ ինչպէս նաեւ հայկական ու միջազգային մամուլի հրապարակումները¸
Միաժամանակ նկատի ունենալով տարածաշրջանին մէջ եւ Հայաստանի անմիջական սահմաններուն վրայ տիրող ռազմաքաղաքական փխրուն ու վտանգաւոր իրավիճակի պարտադրանքները¸ որոնք կ’ընդգծեն առաջնահերթ կարեւորութիւնը ներքաղաքական կայունութեան եւ պետութեան անվտանգութիւնը կը դարձնեն գերիվեր ամէն տեսակի նկատառումներէ¸
Նաեւ՝ յուսալից ակնկալութեամբ արձանագրելով քարոզարշաւի ընթացքին իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն տուած խոստումները¸
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը տեղի ունեցած ընտրութիւնները ժողովրդավարական սկզբունքներու տեսակէտէ կը գնահատէ ոչ ամբողջովին համապատասխան միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշներուն։ Հակառակ բուն քուէարկութեան ընթացքին կիրարկուած թեքնիք նորամուծութիւններու գոհացուցիչ արդիւնքներուն¸ քարոզարշաւի ընթացքին մրցակից կողմերուն եւ առհասարակ մամուլին թոյլատրուած ազատութեան¸ ինչպէս նաեւ քուէարկութեան օրը բռնութեան եւ խարդախութեան դէպքերու համեմատաբար սակաւաթիւ ըլլալու փաստին¸ դժբախտաբար կարելի չեղաւ ձերբազատիլ տարբեր մակարդակներու վրայ բաշխուած ընտրակաշառքի¸ պետական ծառայողներու¸ կրթական համակարգի պատասխանատուներու¸ բանակի¸ ներքին ապահովութեան ուժերու եւ վերջապէս՝ պետական վարչամեքենայի զանգուածային օգտագործման յոռի սովորութենէն¸ որ մեծապէս կանխորոշեց ընտրութիւններու արդիւնքը՝ ապագայ խորհրդարանը ձեւաւորելով այնպէս՝ ինչպէս նախագծուած էր։
Աւելին՝ ընտրութիւններու նախածրագրումի ընթացքին¸ մեկնելով ինչ-ինչ հաշիւներէ¸ կորսուեցաւ Սփիւռքի քաղաքական ամբողջ ներուժը Մայր հայրենիքի քաղաքական կեանքին միջնորդաւորուած ձեւով մասնակիցը դարձնելու առիթը¸ նախընտրելով ընդամէնը մէկ ուժ։
Յամենայնդէպս¸ մեկնելով իր հայաստանակեդրոն եւ հայրենանպատակ սկզբունքէն¸ գոհունակութեամբ արձանագրելով յետընտրական խաղաղ գոյակեցութեան իրողութիւնը¸ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը շարունակէ իր պայմանադրական նպաստը ընծայել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարօրութեան¸ հայրենիքի խաղաղ եւ ապահով զարգացման ի խնդիր¸ եւ յաջողութիւն մաղթելով նորընտիր խորհրդարանին՝ կը խոստանայ ուշի ուշով հետեւիլ տրուած խոստումներու իրագործումին։
11 Ապրիլ 2017
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւն ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդ
Երեւան, Հայաստան Պոստոն, Միացեալ Նահանգներ