ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՎԵՐՋ

Յակոբ Վարդիվառեան

Ինը դաշինքներու եւ կուսակցութեանց կողմէ անհամբեր սպասուած Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները վերջապէս կայացան Ապրիլի 2ին:  Ժողովուրդը սակայն նոյն սպասումն ու անհամբերութիւնը չէր ցուցաբերեր` համակերպած ըլլալով այն   իրողութեան որ այդ ընտրութիւնները նորութիւն մը կամ տալիք մը չէին խոստանար, եւ նախորդ ընտրութեանց փորձը ուրիշ բան չէր թելադրեր արդէն:

Ապրիլի 2ին կայացումը այդ ընտրութեանց բաւական քննադատութիւն եւ վրդովում յառաջացուցած էր, որովհետեւ այդ թուականը կը նշէր տարեդարձը անցեալ տարուան քառօրեայ պատերազմին, ուր հարիւրաւոր երիտասարդներ զոհ էին գացած եւ ռազմագիտական դիրքեր կորսուած. մէկ խօսքով` խոկալու, խորհրդածելու եւ սգալու օր մըն էր այդ թուականը, առաւելաբար,

Ընտրութիւնները կայացան նոր սահմանադրութեան սկզբունքներով որոնք երկրի իշխանութեան դրութիւնը կը փոխեն նախագահականէն խորհրդարանական դրութեան, ուր, 2018էն ետք վարչապետն է որ պիտի ստանձնէ իշխանական ոյժը` արարողակարգային պաշտօն մը վերապահելով օրուան նախագահին:  Նոր սահմանադրութիւնը նաեւ Ազգային Ժողովի անդամներուն թիւը 131էն կ’իջեցնէր 105ի:

Նման ընտրութիւնները բնականաբար ունին ներքին անդրադարձներ, ինչպէս նաեւ արտաքին եւ ռազմագիտական անդրադարձներ:  Առաջին պարագային ցնցիչ փոփոխութիւններ կարելի չէ ակնկալեր , որովհետեւ այնտեղ միակ իրականացող գործընթացը Հանրապետական Կուսակցութեան քաղաքականութեան վերահաստատումն է:

Սակայն արտաքին քաղաքականութեան մէջ – Հայաստան փափաքի կամ` ոչ – ենթակայ է խիստ քննարկումներու, որոնց հետեւանքով շրջանային թէ հեռաւոր ոյժեր կը դասաւորեն ու կը սահմանեն իրենց վերաբերումն ու արտաքին քաղաքականութիւնը Երեւանի նկատմամբ:

Արդարեւ, ընտրութեան օրն իսկ Արեւմտեան մամուլի օրկաններէն մէկը ծանոյց որ Ռուսաստանի համակիր նախագահ մը շահեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները:  Տեսակէտ մը որ շուտով իր հաստատումը գտաւ նախագահ Փութինի արտորանքով արտայայտուած շնորհաւորութեան մէջ ուր ան կ’ըսէր. ընտրութեանց արդիւնքները կը հաստատեն որ դուք եւ Ձեր կուսակցութիւնը կը վայելէք բարձրագոյն մակարդակի վստահութիւն:  Կարեւոր չէ որ այդ հաստատումը որքանով կը համապատասխանէր ճշմարտութեան:

Քուէարկութեան իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 61 տոկոսը մասնակցած էր ընտրութեանց, շուրջ 1.8 միլիոն մարդ:

Հրայր Թովմասեան` Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի պետը յայտարարելով ընտրութեանց արդիւնքները ծանոյց որ 1886 ընտրաշրջաններէն հասած քուէներով իշխող Հանրապետական Կուսակցութիւնը ստացած էր քուէներուն 49.12 տոկոսը, որ կը նշանակէր 58 երեսփոխան, որոնցմէ երեքը` ազգային փոքրամասնութիւններէն:  Ծառուկեան դաշինքը կը ստանար 27.32 տոկոս, գրաւելով 31 աթոռ, իսկ Ելք դաշինքը (Է. Մարուքեան-Սասուն Գրիգորեան-Նիկոլ Փաշինեան) 7.77 տոկոս տիրանալով 9 աթոռի. իսկ  Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը 6.57 տոկոս, գրաւելով 7 աթոռ:

Խորհրդարան մտնելու համար կուսակցութիւնները պէտք է ստանային քուէներուն առնուազն 5 տոկոսը, իսկ դաշինքները` 7 տոկոսը:

Անշուշտ քուէներու թիւը այնքան նշանակութիւն չունի` որքան ունին սկիզբէն կատարուած համաձայնութիւնները:  Իշխանութիւնները վեհանձնօրէ՜ն օգնեցին նոյնիսկ ընդդիմադիր խմբակցութեանց` իրենց ծրագրած խորհրդարանի պատկերը իրականացնելու համար:  Այդ վեհանձնութենէն առաջին օգտուողը Դաշնակցութիւնն էր որ այլապէս հազիւ թէ կարենար հատել 6 տոկոսի սահմանը:

Ուրեմն, տիրող կուսակցութեան հաշիւներուն հետեւանքով Ազգային Ժողովէն դուրս մնացին Հայկական Վերածնունդը (3.72 տոկոս), ՕՐՕն (Օհանեան-Յովհաննէսեան-Օսկանեան) դաշինքը (2.08 տոկոս), Հայ Ազգային Քոնկրէս-Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւն (նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան-Արամ Սարգսեան) դաշինքը ¥1.62 տոկոս), Ազատ Տեմոկրատներ (0.93 տոկոս) եւ Հայաստանի Համայնավար Կուսակցութիւնը 0.74 տոկոս):

Ազգային Քոնկրէսի պարտութեան սատարող գլխաւոր անձը Լեւոն Տէր Պետրոսեանն էր որ նախընտրական պայքարի քարոզչութիւնը տարաւ Արցախի հողերու զիջումին դիմաց` խաղաղութիւն ապահովելու կարգախօսով:  Բնականաբար իր կոչը Հայաստանի ընտրողներէն անդին հեռաւոր մայրաքաղաքներու ուղղուած էր, սակայն տեղ չհասաւ:

Ազգային Ժողովի մէջ երկրորդ ոյժը Ծառուկեան դաշինքն է, որ հազիւ թէ համարձակի ընդդիմադիր քաղաքականութիւն մը վարել` խրատուած ըլլալով անցեալի դասերէն.  արդարեւ, Գագիկ Ծառուկեան նախորդ ընտրութեանց դաշնակից էր իշխող Հանրապետական Կուսակցութեան. սակայն, երբ սկսաւ ընդդիմադիր դիրքեր բռնել` պետութեան հարկային իշխանութիւնները եկան քննել իր առեւտրական հաստատութիւնները, ազդանշան տալով որ կրնան զինք Խաչատուր Սուքիասեանի օրին բերել, եթէ չխելամտի:  Ծառուկեան շուտով հասկցաւ տրուած ազդանշանը եւ ամբողջութեամբ  հեռացաւ քաղաքականութենէ.  այս անգամ վստահաբար աւելի իմաստուն վարքագիծով մը կը ներկայանար ընտրութեան:

Կուսակցութիւններն ու դաշինքներըըը, ընդհանրապէս անորոշ կարգախօսներով մասնակցեցան ընտրութեանց:  Օրինակ Հանրապետական Կուսակցութեան կարգախօսն էր անվտանգութիւն եւ առաջընթաց.  անցեալ տարի երկիրը վտանգի ենթարկելէ վերջ, շատ քիչեր պիտի ուզեն հաւատալ այդ կարգախօսին:  Երկիրը կը հայաթափուի, տնտեսութիւնը կը շարունակէ անկումը, մնացեալ բնակչութիւնը չունի օրապահիկ եւ մանաւանդ` հեռանկար.  սակայն Հանրապետականը կը շարունակէ իր յաղթական ընթացքը իր իշխանութիւնը տեւականացնելու:

Գագիկ Ծառուկեան ճանչցուած է իբրեւ առատաձեռն մարդ:  Դժուար թէ կարելի ըլլայ անկէ ակնկալել քաղաքական լուրջ փլաթֆորմ:  Ան իր ժողովրդականութիւնը կը պարտի իր դրամին եւ երբեմն ալ` դրամի շխկոցին:

Ելքի ժողովրդականութիւնը իր անզիջող եւ բուռն ընդդիմութեան մէջ է:  Ան խորհրդարան կը տանի եւ անոր ատեաններէն բարձրաձայն կ’արտայայտէ ժողովրդային ընդվզումը:  Ան ինը պատգամաւորներով հազիւ թէ կարենայ հակակշիռ մը ունենալ Ազգային Ժողովէն ներս:  Նման ընդդիմութեան մը կարիքը որքան ունի ժողովուրդը, նոյնքան եւ աւելի իշխող կուսակցութիւնն է որ ունի այդպիսի պոռացող բայց անոյժ ընդդիմութիւն մը:

Բացի Դաշնակցութենէն որ ունի իր փլաթֆորմը, գաղափարականն ու պատմութիւնը, միւս խմբակցութիւնները անձերու շուրջ համախմբուած եւ պայմանական եւ ժամանակաւոր շահերով իրարու կապուած խմբաւորութիւններ են:

Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը որոշած է միայն Դաշնակցութեան հետ կիսել իշխանութիւնը, որովհետեւ այդ կուսակցութիւնը իր եօթ ներկայացուցիչներով չի կրնար իշխանութեան քաղաքականութիւն թելադրել բայց, իր թիւով կրնայ սատարել անոր առաջադրութեանց:

Սակայն, նկատի ունենալով իշխանութեանց ժողովրդական վարկի անկումը` դուրսի դաշնակցականները հազիւ թէ կարենան հանդուրժել նման գործակցութիւն մը:

Ընտրութեանց վերահսկելու համար 300 դիտորդներ ղրկուած էին ԵԱԽԿէն եւ Եւրոպական Խորհուրդէն, որոնք, բնականաբար, կանխատրամադրուած եկած էին Հայաստան: Չէր ակնկալուեր անոնցմէ որ  իւրովսանն գովէին Ռուսաստանի դաշնակից երկրի մը ընտրութիւնները:  Այսուհանդերձ անոնք գնահատեցին կարգապահ եւ խաղաղ ընտրութիւնները, սակայն, Եւրոպական Խորհուրդի ներկայացուցիչը Լիլիան Մորի Փասքիէ յայտարարեց. հակառակ օրինական եւ կազմակերպչական բարելաւումներուն երկար ատենէ ի վեր յամեցող կասկածները ընտրական գործընթացի վստահելիութեան` չանհետացան. իսկ ԵԱԽԿի ներկայացուցիչ Սանչէզ Ամոր յայտարարեց որ ընտրութիւնը այն չէ ինչ որ կը կատարուի քուէատուփերու մօտ նոյն օրուան մէջ:  Իսկապէս ան մատը դրած էր վէրքին վրայ որովհետեւ որքան ալ Եւրոպան  ելեկրոնային յատուկ սարքեր նուիրած էր  ընտրութեան ընթացքը սահուն կայացնելու, իշխանութիւնները իրենց հերթին կատարելագործած էին իրենց խաղերը` կանուխէն գործի լծելով իրենց վարչամեքենան – բոլոր դպրոցները, համալսարանները, հիւանդանոցները եւ պետական հաստատութիւնները վերածուած էին Հանրապետականին քուէ արտադրող մեքենաներու:  Իսկ` նշանակովի մազպանները որոնք յաճախ քրէական վարքով կը վարեն իրենց գործը ընտրութեան օրը իրենց բոլոր մեղքերը կը քաւեն իրենց պարտադրուած քուէներուն թիւը ապահովելով իշխանութեանց:

Ընտրութիւնները վերարտադրեցին նախկին իշխանութիւնները, որոնց ըրածն ու չըրածը, եւ մանաւանդ` ընելու կարողութիւնն ու ցանկութիւնը յայտնի են ժողովուրդին:

Մէկ խօսքով Հայաստանի ժողովուրդը լաւատես չէ. սփիւռքն ալ պէտք չէ ինքնախաբէութեամբ առաջնորդուի:  Եթէ տարտամ յոյս մը կայ` վարչապետ Կարեն Կարապետեանի կողմէ յայտարարուած ռուսահայ մեծահարուստներու հսկայ ներդրումներու խոստումներն են:  Ընդհանրապէս Հանրապետականի յաջողութեան սատարողը վարչապետն էր իր խօսքով, գործով եւ ծրագիրներով:

Սակայն երբ շարունակուի անոր ժողովրդականութեան վերելքը (եւ պաշտօնը) մինչեւ 2018 թուականը ան բախումի մէջ պիտի ըլլայ ներկայ նախագահին հետ որ կը ծրագրէ այդ թուականէն վերջ իր իշխանութիւնը շարունակել վարչապետի աթոռէն: