Թուրքիան կ’անցնի միապետական վարչակարգ
ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի յայտարարութիւնը
Ապրիլ 16ին Թրքական Հանրապետութեան տարածքին տեղի ունեցող հանրաքուէի արդիւնքը եղաւ ի նպաստ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, սահմանադրական փոփոխութիւններով երկրին վարչակարգը խորհրդարանականէն անցընելու դէպի նախագահական վարչակարգի: Ըստ ներկայացուած արդիւնքին երկրի բնակչութեան 51.4 տոկոսը քուէարկած է «այո» իսկ մնացեալ մասը՝ հակառակը: Յայտնի եղաւ թէ երկիրը իրապէս բաժնուած է երկու մասի: Ծովափնեայ կարեւոր քաղաքները, մայրաքաղաքի շրջակայքը եւ երկրին արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան ազգաբնակչութիւնը դէմ քուէարկեցին Էրտողանին ներկայացուցած սահմանադրական փոփոխութիւններուն: Ընդդիմութիւնը պիտի ջանայ իր ձայնը լսելի դարձնել վերականգնել փորձելով ազատական ռամկավարական դրոյթը երկրէն ներս:
Ռամկավարական կարգերու խախտումը Թուրքիոյ մէջ անգամ մը եւս մտածել կու տայ հայութեան թէ նոր վարչակարգը Հայ Դատին համար նոր հանգրուանի մը դէմ յանդիման կը դնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու արտասահմանի քաղաքական մեր կազմակերպութիւնները ընդհանրապէս: Եւրոպական Միութեան երկիրներ արդէն յայտնած են իրենց մտահոգութիւնը այս փոփոխութիւններուն կապակցութեամբ: Խիստ պաշտօնական հեռաձայնային շնորհաւորական խօսքեր փոխանցուած են գերհզօր երկու պետութեանց վարիչներուն կողմէ, եւ քաղաքական շրջանակներ Միջին Արեւելքի համար նոր մարտահրաւէրներու առաջ կը դնեն Ռուսաստանի բարեկամ ժողովուրդները:
Այս փոփոխութիւններու լոյսին տակ ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդը կոչ կ’ընէ հայութեան ըլլալ զգաստ եւ հետեւիլ տարածաշրջանի մէջ կատարուող բոլոր անցուդարձերուն, եւ ի հարկին մէկ ճակատ կազմել դիմագրաւելու համար նոր մարտահրաւէրները:
Առաջին անգամ չէ որ Թուրքիա նման փոփոխութիւններու կ’ենթարկէ իր վարչամեքենան. ի վերջոյ նման փոփոխութիւններով ալ կազմակերպուեցաւ, աւելի քան դար մը առաջ, հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իթթիհատականներու խոստացած «ազատութիւն» եւ «եղբայրութիւն»ը արեան մէջ խեղդեց հայութիւնն ու միւս փոքրամասնութիւնները:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ապրիլ 20, 2017