ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան լիագումար նիստը Երեւանի մէջ

Նախապէս համաձայնուած օրակարգի տարողունակ հարցերով ծանրաբեռն լիագումար նիստ գումարեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Երեւանի կեդրոնական իր գրասենեակին մէջ¸ Ուրբաթ¸ 12 Մայիսի յետմիջօրէին։ Նիստին կը մասնակցէին ոչ միայն Երեւանի¸ Լոռիի¸ Սիսիանի¸ Սեւանի¸ Գիւմրիի¸ Եղէգնաձորի ու Եղվարդի շրջանակներու ներկայացուցիչ անդամները¸ այլեւ Լիբանանի¸ Մ. Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու եւ Ֆրանսայի վարչական անդամները՝ գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիրեանի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Երուանդ Ազատեանի։
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան ողջոյնի հակիրճ խօսքէ մը ետք ընթացք տուաւ օրակարգի հարցերուն¸ որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերէին Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին կուսակցութեան նախապէս ձեռնարկած ծրագիրներու իրագործման ընթացքի քննութեան եւ նոր ծրագիրներու քննարկումին։
Յ. Աւետիքեան գոհունակութեամբ հաստատեց¸ որ արդէն ընթացքի մէջ եղող ծրագիրները¸ որոնք անմիջականօրէն ուղղուած են երիտասարդութեան հայրենասիրական դաստիարակութեան¸ սկսած են արդիւնաւորուիլ¸ ինչպէս Եղվարդի համակարգչային դասարանը¸ Արմաւիրի երիտասարդական ակումբը¸ Վարդենիսի պատանեկան՝ «Անդրանիկ» մարզական շարժումը¸ եւլն։ Ընդգծուեցաւ¸ որ Սիսիանի «Արմենակ Եկարեան» հրաձգարանի ստեղծման ծրագիրները յառաջ կը տարուին շատ յաջող կերպով¸ մինչ Երեւանի Նորքի շրջանի ընդարձակ գրասենեակը¸ որ պիտի ընդգրկէ նաեւ երիտասարդներու ճատրակի ակումբը¸ արդէն վարձակալական պայմանագիր ունի եւ պիտի սկսի գործել յառաջիկայ 1 Յունիսէն սկսեալ։
Միտքերու փոխանակութենէն ետք յանձնարարուեցաւ Սեւանի ու Եղէգնաձորի պատասխանատու ընկերներուն փութացնել աշխատանքները՝ առաջինի մէջ պատանեկան համակարգչային նոր դասարան ստեղծելու¸ իսկ երկրորդին մէջ փայտաբրուտագործական արհեստանոց-դպրոց ստեղծելու ուղղութեամբ։
Ժողովականներու խնդրանքով ընկերներ Վարդան Նազիրեանը եւ Երուանդ Ազատեանը արտայայտուեցան Սփիւռքի տարածքին կուսակցութեան գործունէութեան¸ ՌԱԿ բոլորովին նոր «Պայքար» շաբաթաթերթի եւ «Հայ Ձայն» համացանցային կայքէջի գտած լայն ժողովրդականութեան վերաբերեալ։
Արտայայտուեցան նաեւ միւս ժողովականները¸ որոնց կը հետաքրքրէին Սփիւռքի մէջ կուսակցութեան գործունէութեան տարածման¸ նորաստեղծ գաղութներու մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքի վիճակին¸ Մայր հայրենիքի պաշտպանութեան ամրացումին մէջ աւելի աշխոյժ դեր ստանձնելու ՌԱԿ կարելիութիւններուն մասին։
ՌԱԿ Արեւմտեան ափէն ընկեր Վարդգէս Գուրուեան արծարծեց հանքարդիւնաբերական սխալ քաղաքականութեան պատճառով Հայաստանի կենսոլորտին համար ստեղծուած ծանր վիճակը¸ առաջին հերթին նկատի ունենալով Վայքի շրջանի Ամուլսար հանքավայրի շահագործման պարագան։ Որոշուեցաւ յառաջիկայ Յունիս ամսուն հայրենի լաւագոյն մասնագէտներու մասնակցութեամբ կազմակերպել լուրջ գիտաժողով մը եւ եզրակացութիւնները ներկայացնել համապատասխան նախարարութեան՝ պահանջելով գործադրումը անոնց։
Յառաջիկայ օրերուն Կեդր. վարչութեան ընկերները քննական այցելութիւններ պիտի տան Արմաւիրի¸ Եղվարդի եւ Վանաձորի ՌԱԿ կառոյցներուն՝ քաջալերելու եւ միաժամանակ ծանօթանալու տեղւոյն կուսակցական-երիտասարդական աշխատանքներու ընթացքին։
Որոշում կայացաւ նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհած ռամկավար ընկերներու յիշատակին Երեւանի զանազան համալսարաններու մէջ հաստատել համապատասխան կրթաթոշակներ՝ յառաջադէմ ուսանողներու համար։

 

ՌԱԿ Մամլոյ Դիւան