Լոնտոնի մէջ բազմաբնակարան շէնքին մէջ տեղի ունեցած հրդեհէն hայ ընտանիք մը հրաշքով փրկուած է

Լոնտոնի մէջ Grenfell Tower շէնքին մէջ Յունիս 14-ին տեղի ունեցած հրդեհէն հայ ընտանիք մը հրաշքով փրկուած է:

Ըստ «Նիուզ»-ի՝ Today-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին 28-ամեայ Մեսրոպ Կասեմճեանը պատմած է, թէ ինչպէս օգնած է իր 68-ամեայ ազգականուհիին եւ միասին դուրս եկած են հրդեհուող շէնքէն:

«Շէնքը մոմի պէս սկսաւ այրիլ: Ֆիլմ կը դիտէի, երբ տեսայ, որ հրդեհ բռնկուած է»,- պատմած է ան:

Մեսրոպն ու ընկերուհին արագ արթնացուցած են իր հօրաքրոջը ու դուրս եկած են բնակարանէն: Նշենք, որ Կասեմճեանները կը բնակէին շէնքի 17-րդ յարկին վրայ:

University Centre Croydon համալսարանի ոճրաբանութեան դասախօս Մեսրոպ Քասեմջեանը հրդեհի հետեւանքով կորսնցուցած է ամբողջ ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ` PhD-ի իր հետազօտութիւնը։

Այժմ անոր ուսանողները կը փորձեն 1500 սթերլին հաւաքել իրենց դասախօսին հրդեհի հետեւանքով կորսնցուցած գիրքերը, համակարգիչը եւ դասաւանդելու ու PhD-ի հետազօտութեան համար օգտագործուող այլ սարքաւորումներ վերականգնելու համար, որպէսզի իրենց սիրելի դասախօսը կարենայ շարունակել դասաւանդումը եւ հետազօտութիւնը:

Յիշեցնենք, որ բազմաբնակարան շէնքին մէջ հրդեհի հետեւանքով 70 մարդ մահացած է: Հրդեհը սկսած էր ներքեւի յարկերէն, որմէ ետք արագ տարածուած է  վերեւ, որու հետեւանքով ոմանք յայտնուած էին կրակի մէջ: