Շաբաթ՝ 1 Յուլիս, 2017, կը նշէ 150-րդ տարեդարձը Գանատայի Հասարակապետութեան ծննդեան, երբ ամերիկեան ցամաքամասի Ատլանտեան եւ Խաղաղական Ովկիանոսներու միջեւ գտնուող ցամաքամասի զանազան տարածքներու միաձուլումը իր լրումին հասցուց Նովա Սքոշիա եւ Նիւ Պրանսուիք նահանգներու միացմամբ, որ կոչուեցաւ Գանատա – բնիկ հնդիկ տարրի բարբառով՝ «Գաղթավայր»:
Յարաբերաբար նորածին երկրին այլազան ազգութիւնները շուտով ըմբռնեցին փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը ի նպաստ ամբողջականութեան: Անցնող 150 տարիները եկան հաստատելու եւ ամրապնդելու այս միասնականութեան աւանդութիւնը, յօրինակ աշխարհի այլ երկիրներու, ուր անհամաձայնութեան ու անհանդուրժողութեան ձգտումները ժամանակ առ ժամանակ տեղի տուին պատերազմներու եւ բռնատիրութիւններու: Ա’յս է նաեւ, անկասկած, հայ բազմաչարչար ժողովուրդի պարագան, երբ իր հայրենի հողերէն արմատախիլ ըլլալով, վերապրող գաղթականներ վերջնական խաղաղութեան եւ ապահովութեան ապաւէն գտան Գանատայի եւ այլ հիւրընկալ երկիրներու մէջ:
Երախտապարտ է հայ ժողովուրդը, որ այս այլազանութեան ու ապահովութեան օրինակելի երկրին մէջ ոչ միայն ազատօրէն կը ձգտի անձնական յաջողութիւններու եւ բարեկեցութեան, այլ նաեւ պարտաւորութիւնը կը զգայ իր արդար լուման ներդնելու երկրին շարունակական զարգացման ի նպաստ:
Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, թէ Գանատայի Կառավարիչի Օթթաուայի պալատին մէջ Յունիս 30-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն հրաւիրուած էին համայնքային կրօնապետներ եւ աշխարհական վարչականներ: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, իսկ յայտագրին բացումը կատարեց Գանատահայ տաղանդաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան «Օ Գանատա» մաղթերգով: Ան կատարեց նաեւ «Հայրապետական Մաղթանք»ը եւ «Տէրունական Աղօթք»ը:
Շնորհաւոր Տարեդարձ Գանատային եւ իր բաղկացուցիչ բոլոր ազգութիւններուն:
«Ապագայ»