1918 – 2018 Հայոց Պետականութեան Վերահաստատման Հարիւրամեակը

Հարիւրամեակ ընդառաջ

 

Պէտք է արգիլել հատուածային եւ դիտումնաւոր կերպով սեփականացնելու որեւէ փորձ

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

2015-ին նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը Համահայկական աննախընթաց, տպաւորիչ եւ միասնական ոյժերով: Այժմ կը մօտենայ 2018 տարին եւ արդարօրէն հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի նշելու նոր հարիւրամեակ մը եւս: Յաջորդ այս հարիւրամեակը կը վերաբերի ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ, հայոց պետականութեան վերահաստատման անկիւնադարձային, եւ համահայկական մեծ նշանակութիւն ունեցող, իրադարձութեան:

Սակայն, մինչ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին պարագային, մեկնաբանութեան եւ կեցուածքի ոչ մէկ տարբերութիւն կար, եւ ոչ ալ կրնար ըլլալ, հայ ոեւէ անհատներու կամ խմբաւորումներու միջեւ, այժմէն իսկ զգալի է, թէ 2018-ի պարագային, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ կատարել պատմութեան ճշգրիտ տուեալներու բացայայտումը եւ այս վերջիններուն վրայ խարսխուած, կատարել արդար վերլուծումներ, որպէսզի բացառիկ նշանակութիւն ունեցող այս հանգրուանը չ’ենթարկուի հատուածային դիտումներով կերպարանափոխուելու եւ սեփականացուելու փորձութեանց:

Հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութիւնը անցած է բազմաթիւ հանգրուաններէ: Թագաւորական հարստութիւններ ստեղծուած են եւ ապա դադրած: Յաղթանակներ եւ պարտութիւններ զիրար յաջորդած են այդ պատմութեան ընթացքին: Ի վերջոյ դժբախտաբար 14րդ դարու Լուսինեան հարստութեան վախճանումէն ետք, վեց դարեր շարունակ, Հայաստան ապրած է առանց պետականութեան: Աւելին եւս, քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան 1915-ի ահաւոր Ցեղասպանութիւնը մեզ առաջնորդեց մինչեւ վերջնական բնաջնջման սեմը:

Ահա այս տխուր եւ աղէտալի համայնապատկերին մէջ է որ կը զետեղուի Մայիս 25-ի Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտը, ուր հայ ժողովուրդը առաջին անգամ ըլլալով, հաւաքելով իր բոլոր խաւերուն եւ հոսանքներուն մասնակցութիւնը գերմարդկային միացեալ ոյժերով արձանագրեց պատմական անկիւնադարձ մը:

Մայիս 25-ի հերոսամարտը կատարուեցաւ, անխտիր հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներու անվերապահ մասնակցութեամբ: Պարզ գիւղացին, մտաւորականը, զինուորականը, կուսակցականը, հոգեւորականը, բոլորը մէկ ցցուեցան անյաղթելի նկատուած թուրք կանոնաւոր բանակին դէմ եւ պարտութեան մատնեցին զայն:Մայիս 25-ի այս յաղթանակը սկիզբը դրաւ եւ բացաւ ճանապարհը անոր յաջորդող հայ պետականութեան վերահաստատման, ինչպէս նաեւ այդ օրէն ի վեր մինչեւ այսօր առանց ընդմիջումի շարունակող մեր պետականութեան գոյութեան:

Ահա այս պարագան է որ իբրեւ մեկնակէտ մեր ժամանակակից պատմութեան ընթացքին վերականգնած պետականութեան, առիթը կ’ընծայէ յառաջիկայ տարի 2018-ին, անկախ մեր հայրենիքի մէջ եւ հզօրացած սփիւռքի տարածքին արժանաւոր կերպով նշելու իր նշանակալից հարիւրամեակը:

Բնականաբար անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին հայոց պետականութիւնը անցաւ զիրար յաջորդող ծանրակշիռ իրադարձութիւններով յատկանշուող շրջաններէ: Այնտեղ կան գովելի եւ հպարտութիւն առթող տուեալներ ինչպէս նաեւ ծանր պատասխանատուութիւններու առաջնորդող դրուագներ:

Յառաջիկայ տարուայ հարիւրամեակի սեմին պարտաւոր ենք բաց միտքով եւ պատմութեան նկատմամբ արդար կեցուածքով քննական մեր ակնարկը տարածել անցնող այս հարիւր տարիներուն վրայ: Պարտաւոր ենք որդեգրել այս պատասխանատու կեցուածքը մանաւանդ ի շահ մեր ապագային, որպէսզի յառաջիկայ հարիւրամեակին ընթացքին մեր ժողովուրդը եւ պետականութիւնը, ազգային եւ քաղաքական նրբացած հասունութեամբ կարենայ իր հաւաքական ճիգերը գործածել առաւել արտադրողականութեամբ, յօգուտ մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:

Մասնաւորապէս, հարիւրամեակի նշումը պէտք է հեռու մնայ աժան եւ յաճախ չ’արդարացուած ամբոխավարութեան փորձութիւններէն որոնք անցեալին շատ ծանր կերպով վնասած եւ վէրքեր թողած են մեր վրայ:

1918 Մայիսի 25-ին Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտին շնորհիւ, եւ անոր իբրեւ հետեւանք, կարելի դարձաւ 1918 Մայիսի 28-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակումը: Այս վերջինը երկու տարիներու փոթորկալից գոյութենէ մը ետք առաջնորդեց 1920 Նոյեմբերի 29-ին, որդեգրելու սովետական համակարգը եւ ստեղծելու Խորհրդային Հայաստանը իբրեւ երկրորդ Հանրապետութիւն, որ ինք տեւեց եօթանասուն տարիներ, որուն ընթացքին մեծ իրագործումներու շարքին տեղի ունեցան նաեւ մարդկային ծանր ողբերգութիւններ: Ի վերջոյ 1991-ի Սեպտեմբեր 21-ին, համաշխարհային չափանիշով մեծ վերիվայրումներու հետ մէկտեղ Հայաստան կրցաւ օգտագործել ստեղծուած պատեհութիւնը եւ հռչակեց այս անգամ իր նորագոյն անկախութիւնը եւ իբրեւ հետեւանք հաստատեց երրորդ, այսօրուայ Հանրապետութիւնը, որ ահա կը շարունակէ իր գոյութիւնը աւելի քան քսան եւ հինգ տարիներէ ի վեր: Նորագոյն Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր եւս, մինչ կը նշէ յառաջդիմութեան եւ արդիականացման կարեւոր յաղթանակներ, միւս կողմէ կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդկային ընկերային տագնապներ եւ լուրջ մարտահրաւէրներ:

Կարեւորութեամբ պէտք է անդրադառնանք թէ յառաջիկայ տարի եթէ պիտի կարենանք նշել մեր ժամանակաշրջանի պետականութեան հարիւրամեակը, այդ կարելի կը դառնայ եւ կ’իմաստաւորուի միայն եւ միայն, որովհետեւ իր բոլոր ելեւէջներով, պայծառ եւ տխուր իր դրուագներով, այդ պետականութիւնը բարեբախտաբար կը շարունակուի մինչեւ այսօր առանց ընդմիջումի: Արդարեւ այսօր չենք տօներ, Արշակունեաց կամ Բագրատունեաց թագաւորութեանց հաստատմանց կամ անոնց այլ յատկանշական հանգրուաններու թուականները, քանի որ անոնք դադրեցան եւ հետեւաբար գործնապէս ոչ մէկ հետք ձգած են այսօրուայ Հայաստանի կեանքին մէջ:

Այսօրուայ Հայաստանը միւս կողմէ անմիջականօրէն խարսխած է անցնող տասը տասնեակ տարիներու ընթացքին ձեռքբերուած մտաւորական եւ ֆիզիքական կառոյցներուն վրայ:

Հետեւաբար անցնող տասնամեակներուն ընթացքին ազգային կեանքին մէջ գործող բոլոր կարեւոր հոսանքները եւ կազմակերպութիւնները անխուսափելիօրէն գնահատանքներու կողքին նաեւ լուրջ պատասխանատուութեանց բաժին ունին, դրական իրագործումներուն կողքին նաեւ որոշ տագնապալից ծանրակշիռ վիճակներու ստեղծման կապակցութեամբ:

Աւանդական կուսակցութիւնները, Ս.Դ.Հ., Հ.Յ.Դ.իւն եւ ՌԱԿ եւ անոնցմէ ետք Հայաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը եւ ի վերջոյ այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը պէտք է ստանան իրենց գործունէութեան ճիշդ արժեւորումը, ոչ աւելին եւ ոչ ալ պակաս: Պէտք է տալ Կայսեր զկայսեր : Անոնք նաեւ  անխուսափելիօրէն պատասխանատու պիտի նկատուին, համաձայն որոշակի եւ անվիճելի պատմական տուեալներու, եւ հիմնուած այս վերջիններուն վրայ,իրենց սխալներուն նկատմամբ, որոնք որոշ պարագաներու մէջ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունեցած են եւ տակաւին կրնան ունենալ յաջորդող տարիներուն ընթացքին եթէ չի սրբագրուին:

Այս օրերուն սկսող, եւ յառաջիկայ տարի նշուելիք Հարիւրամեակի նախապատրաստութիւնները, պէտք է կատարուին սփիւռքի եւ Հայաստանի մտաւորականութեան, քաղաքական գործիչներու եւ ամբողջ մամուլին եւ լրատուական միջոցներու կողմէ տարուելիք պարկեշտ տեղեկագրութեան եւ վերլուծական աշխատանքով: Անգամ մը եւս պէտք է շեշտել թէ թոյլ պէտք չէ տալ որ այս նշանակալից հանգրուանը ենթարկուի հատուածային դիտումներով կերպարանափոխուելու փորձութեանց: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մամուլը գործակցաբար ամբողջ հայ մամուլին հետ, եւ պատմագետներու եւ մտաւորականներու օգնութեամբ, վստահաբար պիտի իր որոշիչ դերը ունենայ այս կարեւոր աշխատանքին մէջ: