Պոլիս. պաշտօնապէս հրապարակուած է «Նախաձեռնարկ մարմին»-ի կազմի ցուցակը

Պոլսոյ Պատրիարքարանէն հրապարակուած զեկոյցով մը այսօր հանրութեան ներկայացուած է պատրիարքական ընտրութիւնները կազմակերպելու կոչուած մարմնին ցուցակը: Նշենք, որ այդ մարմինը, որ կը կրէ «Նախաձեռնարկ մարմին» անուանումը ընտրուած էր անցնող պատրիարքարանի յարկին տակ տեղի ունեցած դռնփակ նիստին ընթացքին:
Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն են՝
Ատենապետ՝ Սարգիս Քիւլէկէչ
Ատենապետ՝ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու
Ատենադպիր՝ Խաչիկ Ճանէլ
Ատենադպիր՝ Տ. Կորիւն Աւագ Քահանայ Ֆէնէրճեան
Հաշուապահ՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք
Մամլոյ բանբեր՝ Սեպուհ Ասլանկիլ
Անդամներ՝ Տ. Տրդատ Քահանայ Ուզունեան, Թորոս Աբիկ, Թադէոս Պէպէք, Վարուժան Պուլկան, Թամար Քարասու, Սարգիս Չավուշեան, Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Նազարէթ Էօզսահակեան, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Սեւան Չավուշեան, Մկրտիչ Սէրթշիմշէք:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ սոյն նախաձեռնարկ մարմնի անդամ ընտրուած պոլսահայ գործարար Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով հրաժարած էր մաս կազմել այդ մարմնին: Շիրինօղլու ներկայացուցած էր մաս չկազմելու վերաբերեալ պատճառներ, որոնք սակայն բաւարար հիմք մը չունին այդ որոշումին յանգելու համար:
«Հայ Ձայն»ի տիրապետած տեղեկութիւններուն համաձայն Շիրինօղլու հրաժարականը կապ ունի կարգ մը ազգայիններու «Նախաձեռնարկ մարմին»-ին մաս կազմելուն հետ, տրուած ըլլալով, որ այդ անունները նախորդ փուլին հրապարակային մեղադրանքներ հնչեցուցած են վերջինս հասցէին:

«Հայ Ձայն»