Թուրքիոյ մէջ մեծցած 27-ամեայ դերասանուհի Թուղչէ Այտըն միայն 19 տարեկանին սկսած է ուսումնասիրելու իր ընտանիքի պատմութիւնը եւ բացայայտած, որ հօրական տատը հայ է: Տատիկի ծնողները ապրած են Տարենտէ, Ցեղասպանութեան տարիներուն գաղթած են Սեբաստիա: Թուղչէ այժմ կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Իսթանպուլի մէջ:
«Ոսկէ Ծիրան» կինոփառատօնը առիթ հանդիսացած է, որ ան գայ Հայաստան եւ ուսումնասիրէ իր նախնիներու պատմութիւնը:
Բեմադրիչ-դերասանուհին հայերէն բառեր շատ գիտէ: Բայց, երբ կը խնդրես հայերէն խօսի, ան կ՛ըսէ․«Ես գոյութիւն ունիմ»: Այս բառերը անոր կարծիքով ամբողջ պատմութիւն մը կ՛արտայայտեն` իր պատմութիւնը: Ան սերտ կապուած է հայերու պատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան: Կ՛ըսէ` բոլորին կ՛ուզէ պատմել, որ ինք գոյութիւն ունի, փրկուած է եւ իր անցեալի մասին նոր բացայայտումներով աւելի կ՛ամբողջանայ:
Թուղչէ Այտըն կը պատմէ` երբ հայելիի մէջ կը նայէր, կը մտածէր, որ Թուղչէ անունը իրեն համար չէ: Յաճախ մտորած է, եթէ Ցեղասպանութիւնը չըլլար, ինքը՝ Թուղչէն պիտի ըլլա՞ր, թէ՞ ոչ: