Պայծառ արեւ, կապոյտ երկինք. բարեբախտաբար սխալած էր օդերեւութաբանը, Կիրակի 16 Յուլիսի իր տուած բացատրութեան:Թէքէեան Մշակութային Միութեան պուրակը իր կանաչազարդ, հովանուտ ծառերու շուքին տակ կ’ընդունէր բազմաթիւ հրաւիրեալներ:
Տարեկան ընդհանուր անդամական ժողովի տեղեկատուութենէն վերահասու եղած էինք թէ 2016 տարեշրջանին 46 ձեռնարկներ տեղի ունեցած էին: Բոլորին մէջ եւ այդ բոլորի կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերած էին, տարբեր մակարդակներով, մօտ 200 նուիրեալներ:
Վարչութեան կողմէ գէթ մէկ օր, անոնք հրաւիրուած էին, արդարօրէն վայելելու ընկերային հաճելի ժամանց մը:
Շնորհակալութեան օր էր:
Վարչութեան անդամները եւ տիկինները իրենց պատրաստած համեղ խորովածները եւ աղանդները կը սպասարկէին արագ կերպով, անոր մէջ խառնելով իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը:
Մեծ հաճոյք էր լսել, նորընտիր վարչութեան հաւատաւոր ատենապետը, պրն. Պերճ Գոգորեանը որ ջերմօրէն շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն որոնց նուիրումին եւ հաւատքին շնորհիւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը մնայ իր ազգային եւ Մշակութային պատուանդանին վրայ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատենապետին խօսքը:
«Այսօր մեր բոլոր աշխատանքներուն եւ կամ իրագործուած շարժումներուն ամենէն հաճելի օրն է:
Շնորհակալութեան օրը Թ. Մ. Մ. Վարչութենէն ուղղուած բոլոր անհատներուն (այսինքն ձեզի) եւ բոլոր յանձնախումբերուն (այսինքն կրկին ձեզի).
Առաջնութիւն չունի, ոչ իսկ շարքի կանոն:
Այս պարագային պիտի սկսին ճատրակի մեր «Տիգրան Պետրոսեան» խումբի առաջնորդ՝ Երուանդ Տէմիրճեանէն: Ահաւասիկ սուսիկ փուսիկ աշխատող մը, տարիքով 18 տարեկան, որ 3 տարիէ ի վեր իր շուրջը հաւաքած է պատանիներու խումբ մը, կանոնաւոր կերպով կուտայ դասընթացքներ ամենաարդիական (Computer)-ի ձեւով: Երուանդ արժանի է ամէն գնահատանքի:
Շնորհակալութիւն Անի Թորիկեանին, որ գլուխը անցած Տիկնանց յանձնախումբին, պազար, միջինք եւ այլ գործունէութիւններ կը կազմակերպէ:
Շնորհակալութիւն 40 տարուայ «Հայ Բեմ» թատեարխումբին, նոր շրջանի առաջնորդ՝ (այսինքն 5 տարիէ աւելի) Նանսի Իսսա Թորոսեան որուն բեմադրութիւնները չորս անգամ կը ներկայացուին եւ կ’արժանանան անվերապահ գնահատանքի:
Թատերախումբի սովորութիւնն է իրենք իրենց մէջ ընտրել այս տարուայ 2 ներկայացումներու ամենաարժանի դերակատարը կամ օժանդակ դէմքը.
Ահաւասիակ անցեալ տարուայ բաժակը:
Նանսիի ձեռամբ պիտի փափաքէի, որ յանձնուէր այս տարուայ ընտրեալին «Գօգօ Ոսկերիչեան»ի: Գօգօն միշտ ժպիտը դէմքին, դրական նկարագիրով, միշտ օգտակար եղած է «Հայ Բեմ»ի եւ ուրիշ շատ մը գեղարուեստական յայտագիրներու:
Շնորհակալութիւն Գայիանէ Պոտրումեանին, որ 3 տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ խմբային յաջող զբօսապտոյտներ:
Այս տարի ընկերային յանձնախումբը ամբողջացուց իր բեղուն աշխատանքի առաջին տարին, ընկ. Վանիա Գանձանակեանի առաջնորդութեամբ. Այժմ կը վայելենք Վարդօ Մուղալեանը իբրեւ ատենապետ եւ Խաչիկ Ճէիրճեանը փոխ ատենապետ, եւ ահա կարգը եկաւ վերջընթերի մասին, ուր Թ.Մ.Մ.-եան վարչութիւնը կ’ընտրէ այս տարուայ ամենատիպար անձին, որ նեցուկ կանգնած է նիւթապէս, բարոյապէս, լռելեայն թէ սրահին թէ թատրոնին, իր շինարարութեամբ կամ սրտով.
Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը ներկայացնեմ «Արի Արփի»ն:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թէքէեան բարձրախօսին «Ապագայ» շաբաթաթերթին եւ իր կազմին գլխաւորութեամբ՝ պրն. Աւետիս Պագգալեանի: Պրն. Պագգալեան հանդիպումներ կունենայ ընկերային յանձնախումբի պարմաններուն հետ, բարոյական եւ շինիչ դասախօսութիւններով:
Շնորհակալութիւն Սալբիին, Ժագին, Ծերոնին, եւ վերջապէս շնորհակալութիւն ձեզ բոլորիդ, որովհետեւ առանց ձեզի, Թէքէեանը պիտի ըլլար լոկ մշակութային կեդրոն մը եւ ոչ թէ ինչպէս որ է հիմա առաքելութիւնը՝ առաքելութեան դարձուցած տաճար մը:
Շնորհակալութիւն բոլորիդ:
Մեր կարգին կը շնորհաւորենք Թ. Մ. Միութեան ժրաջան վարչութիւնը, առաւել նուաճումներու մաղթանքներով:
Թէքէեանի պուրակին մէջ կեանքը կը խայտար մանուկներու ճիչերով, երիտասարդներու եռուզեռով իսկ երէցները իրենց ժպտուն հայեացքները ապագային կը յառէին առաւել վստահութեամբ:
Վ. Պալեան