Լիւքսեմպուրկի մէջ հիմնադրուած Adibe-kyan Family Foundation for Advancement (AFFA) բարեգործական կազմակերպութիւնը, որուն հիմնադիրն է բարերար Գագիկ Ադիբէկեան, Խոսրովի անտառի հրդեհներուն հետեւանքներու վերացման նպատակով փոխանցած է 100,000 եուրօ:
Հրդեհին հետեւանքով այրած է իւրայատուկ արգելոցի հարիւրաւոր հեկտար տարածք, որուն բուսական աշխարհը կ՛ընդգրկէ բարձրակարգ բոյսերու շուրջ 1800 տեսակ, որոնցմէ 24-ը վտանգուած են, իսկ կենդանական աշխարհի բազմաթիւ տեսակներ արձանագրուած են Հայաստանի «Կարմիր գիրք»ին մէջ. յովազներ, լուսանները, մուֆլոններ, բեզոարեան այծեր, ինչպէս նաեւ գայլեր, աղուէսներ, նապաստակներ, գորշ արջեր, եղնիկներ, բազէներ, արծիւներ, վայրի աղաւնիներ եւ այլն:
«Այսօր, երբ Խոսրովի անտառ իւրայատուկ արգելոցի ճակատագիրը եւ ամբողջ մարզի մը բնապահպանական միջավայրը վտանգուած են, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այդ լրջագոյն հիմնախնդիրներուն հանդէպ: Հրդեհներէն յետոյ անտառներու վերականգնումը երկարատեւ ժամանակ, ահռելի աշխատանք ու նշանակալի միջոցներ կը պահանջէ: Ես կը հաւատամ, որ միայն միասնական ջանքերով հնարաւոր է կրճատել այդ հրաշալի ու առանձնայատուկ բնութեան արգելոցի վերականգնման ժամանակը», նշած է Adibekyan Family Foundation for Advancement (AFFA) բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիր Գագիկ Ադիբեկեան:
Adibekyan Family Foundation for Advancement (AFFA) բարեգործական կազմակերպութեան գործունէութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն է Հայաստանի փոքր քաղաքներու՝ Դիլիջանի եւ Մասիսի, տարածքներու համալիր զարգացման ծրագիրներու իրականացումը:
«AFFA հիմնադրամը նպատակ ունի պետական մարմիններու, տեղական համայնքներու եւ բնակիչներու աջակցութեամբ բարելաւել քաղաքային միջավայրը եւ ստեղծել մարդոց կեանքի յարմարաւէտ պայմաններ այդ քաղաքներուն մէջ: Այս ծրագիրին ծիրէն ներս, 2016 թուականէն AFFA հիմնադրամին կողմէ Մասիս քաղաքին մէջ ստեղծուած են եւ յաջող գործունէութիւն կը ծաւալեն Մասիսի զարգացման հիմնադրամը եւ Երիտասարդական կեդրոնը, կանոնաւոր կերպով կ՝իրականացուին շարք մը քաղաքային հասարակական եւ մշակութային ձեռնարկներ, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ, աջակցութիւն կը ցուցաբերուի երիտասարդական նախագիծերուն եւ նախաձեռնութիւններուն», կը հաղորդէ Armenpress.am-ը: