Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով, Շաբաթ` 12 Օգոստոս 2017-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Կիրիկնամտիցի եւ Նախատօնակի աւարտին, ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Հոգշ. Հայր Արտակ Վրդ. Արապեանի, Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերենցեանի եւ Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեանի, ներկայութեամբ ուխտաւոր հաւատացեալներուն տեղի ունեցաւ երկու սրբապատկերներու օծում:
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութիւնը եւ հրաշափառ Յարութիւնը խորհրդանշող պատկերները գործն են արուեստագէտ Հրազդան Թոքմաճեանի: Սրբապատկերները ընծայուեցան ի յիշատակ Յակոբեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներուն: