Փօլ Կիրակոսեանի գործը՝ Փարիզի «Սանթր Պոպուր»-ի մէջ

Երբ 1977-ին Ճորճ Փոմփիտուի անուան «Սանթր Պոպուր» (Centre Beau-bourg) ժամանակակից արուեստի կեդրոն-մատենադարանի բացումը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ, բաւական մեծ աղմուկ յարուցեց արուեստի աշխարհէն ներս, թէ՛ կառոյցի իր տարօրինակ լուծումներով եւ թէ իր «արտակեդրոն» ոճի հարստութեամբ ու որակով: Հոն մուտք գործեցին աշխարհի ամէնէն բարձրորակ ու նորարար կերպարուեստագէտներու գործերը: Այլոց շարքին երեք հայ արուեստագէտներու՝ Արշիլ Կորքիի, Եագուլովի եւ Երուանդ Քոչարի մէկական ստեղծագործութիւն եւս, որոնք դասուեցան աշխարհի լաւագոյններու շարքին ու զետեղուեցան «Սանթր Պոպուր»-ի մէջ:

Վերջերս, չորրորդ հայ արուեստագէտի մը՝ Փօլ Կիրակոսեանի «Ժամանակի Ընդմէջէն» ստեղծագործութիւնը (իւղաներկ, չափը՝ 90 x 80 սմ.), ներառնուեցաւ այս միջազգայնօրէն մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած արուեստի կեդրոնէն ներս: Հակառակ անոր, որ գեղանկարը կը գնահատուի հարիւրէն մինչեւ երկուհարիւր հազար ամերիկեան տոլար, «Փօլ Կիրակոսեան»  հիմնարկի նախագահ Մանուէլա Կիրակոսեանի կողմէ (որուն վերապահուած է հանգուցեալ գեղանկարիչի հեղինակային իրաւունքը) խոհրդանշական կէս գինով տրամադրուեցաւ յիշեալ թանգարանին:

Կիրակոսեանի «Ժամանակի Ընդմէջէն» ստեղծագործութիւնը կը պատկանի գաղթականներու շարքին: Պատկերուածը երփներանգ հագուստներ հագած, վերացարկուած եւ իրարու խռնուած կին կերպարներու զանգուած մըն է. անոնցմէ կ՛անջատուի սեւ ու սլացիկ կերպար մը, որ շատ հաւանաբար ցեղասպանութենէ ճողոպրած արուեստագէտի մայրը կը ներկայացնէ: Բացառիկ արտայայտչականութեամբ օժտուած այս գեղանկարը թուագրուած է 1986: Ութսունականներուն, Կիրակոսեան արդէն իսկ ձեռք բերած էր թէ՛ համաարաբական եւ թէ միջազգային ճանաչում: Ան ընդունուած եւ գնահատուած էր նոյնի՛սկ Ինկրիտ Պերկմանի եւ Անթընի Փըրքինզի նման հոլիվուտեան աստղերու կողմէ:

Փօլ Կիրակոսեանի այս նուաճումը նոր յաջողութիւն մըն է առհասարակ հայ մշակոյթին համար:

ԹՂԹԱԿԻՑ