Պոլսոյ նահանգապետարանը դարձեալ կը միջամտէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին. այս անգամ նահանգապետարանը գոհ չէ ընտրութիւններու կազմակերպչական հոլովոյթը գործադրող խումբի անդամներէն: Այս մասին կը գրէ «Ակօս»:
Ըստ համայնքին մէջ տարածուած լուրերուն, պատկան մարմինները նշած են, որ առարկութիւն ունին նախաձեռնող խումբի որոշ անդամներուն առնչութեամբ եւ որ այդ անդամներուն մասնակցութեամբ ընտրութիւն չի կրնար կազմակերպուիլ:
Նահանգապետարանին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ որոշ սրբագրութիւններ կատարելու համար նախաձեռնող խումբի անդամները նոր ժողով պիտի գումարեն: