Սփիւռք-Հայրենիք Համաժողովի կողքին՝ Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Ռակ Երիտասարդական Անդրանիկ հաւաքը:

Հարիւր Երիտասարդներ Կը Միանան ՌԱԿ-ի Շարքերուն

Անոր Արագօրէն Վերակառուցուող Հայաստանակեդրոն Ճամբուն Վրայ

 

Կիրակի՝ 17 Սեպտեմբեր 2017-ին, Երևանի մէջ կայացաւ ՌԱԿ երիտասարդական անդրանիկ համաժողովը, որուն ներկայ էին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի անդամները՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան և Գերագոյն Խորհուրդի ղեկավար անդամներ, նաև Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավար մարմինները ներկայացնող գործիչներ:

Երիտասարդական համաժողովի  նպատակն էր ներկայացնել կուսակիցներուն ու հիւրերուն այն գործունէութիւնը, որը կուսակցութեան երիտասարդ անդամները ծաւալած են անցնող ամիսներու ընթացքին, նաև ներկաներուն հաղորդել ապագայի նախագծերն ու ծրագրերը, բարձրաձայնել երիտասարդներուն յուզող հարցերն ու խնդիրները՝ փորձելով միասնաբար ատոնց լուծումներ տալ, ինչպէս նաև մարզերու և համայնքներու մէջ ՌԱԿ երիտասարդներու շրջանակներուն առկայ խնդիրներու բարձրացումը, առաջարկուող համապատասխան լուծումներ և այդ բոլորը իրագործելու մեթոտներու արձանագրումը:

Բացման հանդիսաւոր խօսքով հանդէս եկան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Յակոբ Աւետիքեանը, ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընկեր Վարդան Նազիրեանը, ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի անդամ, Ամերիկայի և Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր  Երուանդ Ազատեանը:

Վերջիններս իրենց ելոյթներուն կարևորեցին երիտասարդութեան դերը կուսակցութեան կազմին մէջ, բարձր գնահատեցին անոնց եռանդուն ու ակտիւ գործունէութիւնը, որ ծաւալած են իրենց մարզային ակումբներուն՝ հաւատարիմ մնալով կուսակցութեան գաղափարաբանութեանն ու սկզբունքներուն:

Զեկուցումներով հանդէս եկան Արմաւիրի, Լոռու, Վարդենիսի, Եղվարդի, Գիւմրու, Սիսիանի ՌԱԿ երիտասարդական ակումբներու ներկայացուցիչերը՝ ամփոփ ներկայացնելով իրենց ծաւալած գործունէութիւնն ու յետագայ ծրագիրները: Իրենց ելոյթները ներկայացուցին նաև Սփիւռքէն ժամանած կուսակցական ընկերները, ի մասնաւորի Լոս Անճելըսի, Յորդանանի ու Արժինթինայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Վերջիններս ներկաներուն համառօտ կերպով ներկայացուցին իրենց համայնքներուն մէջ կատարուող կուսակցական գործերը:

Միջոցառումի վերջաւորութեան 100 նորագիր երիտասարդներ համալրեցին ՌԱԿ շարքերը՝ հանդիսաւոր կերպով տալով իրենց երդումը: