Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած «Արարում» ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած է ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը, ՌԴ Նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ, ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Միխայիլ Շուիտքոյը եւ պաշտօնատար այլ անձիք:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած է 52 գեղանկար, 26 կրաֆիքական եւ 1 կիրառական արուեստի նմուշ, 20 վաւերագիր: Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը ցուցադրուի Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հաւաքածուին «Քաոս. Աշխարհի արարում» հռչակաւոր կտաւը:
Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ 2018 Յունուար 15:
Նշենք նաեւ, Սեպտեմբեր 15-16, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի որմնանկարներու դահլիճին մէջ պիտի գումարուի «Ծովանկարչութեան սահմանները» միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին:
Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է UNESCO-ի 2017-ի յիշարժան տարեթիւերու ցանկին մէջ: