Տիարպեքիրի հայկական Սբ. Կիրակոս եկեղեցին կը կողոպտուի

Թուրքիոյ քրտաբնակ Տիարպեքիր նահանգի Սուրի շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին յայտնուած է գողերու թիրախին: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը՝ վկայակոչելով «CNNTurk»-ը:

Սբ. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Էրկիւն Այլըք յայտնած է, որ  թուրք-քրտական բախումներու հետեւանքով այս շրջանին մէջ այժմ կը շարունակուի փողոց դուրս գալու արգելքը, եւ իրենք մեծ դժուարութեամբ թոյլտուութիւն կը ստանան եկեղեցի մտնելու համար:

Այլըք յայտնած է, որ աւազակները օգտնուելով առիթէն, որ եկեղեցին չի գործեր, հեշտութեամբ կը մտնեն այնտեղ, եւ  ամէն օր եկեղեցիէն իրեր կը պակսին: Ալյըք կոչ ըսած է համապատասխան մարմիններուն քայլեր ձեռնարկելու եկեղեցւոյ անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար:

Ըստ աղբիւրին` թուրք-քրտական բախումներու պատճառով  նոյնպէս եկեղեցին մեծ վնասներ կրած է եւ վերանորոգման կարիք ունի:

31 տարուան դադարէ մը ետք  2011 թուականին վերաբացուած Սբ. Կիրակոս եկեղեցին 2015 թուականի Նոյեմբերէն 2016 թուականի Մարտ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով մեծ վնասներ կրած է:

Նշենք, որ Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկուն` Սուրբ Կիրակոսի վերաբացումն ու օծումը տեղի ունեցած է 2011-ի Հոկտեմբեր 22-ին, իսկ առաջին պատարագը մէկ օր անց` Հոկտեմբեր 23-ին:

Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգումը իրականացուած է տիարպեքիրցի հայերու եւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:

Սուրբ Կիրակոսը վերաբացուած է որպէս գործող եկեղեցի: