Հայաստան-Սփիւռք համահայկական վեցերորդ համաժողովի մասնակիցները Երեքշաբթի` 19 Սեպտեմբեր 2017-ին, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
Համաժողովի մասնակիցները ծաղկեպսակ դրին 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:
Հիւրերը եղան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, գրութիւններ ձգեցին յուշամատեանին մէջ: