Պարգեւ Սրբազան. «Առանց Արցախի ժողովուրդի որոշումին ոչինչ կրնայ տեղի ունենալ»

«Նախարարը հնչեցուց ա՛յն, ինչ եղած է Մատրիտեան ձեռքբերումներուն ժամանակ, Գազանեան հանդիպումներուն, նորութիւն չըսաւ: Ըսաւ ա՛յն, ինչ որ միջազգային ասպարէզի մէջ ընդունուած, առաջարկուած տարբերակներէն մէկը եղած է ընդամէնը»,- «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, ըստ Panorama.am-ի, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան` պատասխանելով այն հարցին, թէ վերջերս ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը խօսած է տարածքներու վերադարձի հնարաւորութեան մասին, ըսելով, որ խօսքը այն տարածքներու մասին է, որոնք Հայաստանի, Արցախի անվտանգութեան սպառնալիք չեն ներկայացներ, այդ ի՞նչ տարածքներ են:

Պարգեւ սրբազանի կարծիքով, մտահոգուելու կարիք չկայ:

«Չեմ կարծեր, որ գործը հասնի անոր, որ մենք տարածք յանձնենք: Ես չեմ կարծեր»,- ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդը` միաժամանակ ընդգծելով, որ առանց Արցախի ժողովուրդի որոշումին ոչինչ կրնայ տեղի ունենալ: