Հայաստանի անլոյծ մնացած օրհներգի պարագան կը շարունակէ դառնալ մամուլի վիճայարոյց հարցերէն մէկը: «Պայքար» շաբաթաթերթը քանիցս անդրադարձած էր այդ խնդրին, խմբագրական թէ անհատական յօդուածներով, նոյն ատեն առաջարկելով կարգ մը լուծումներ որոնք ձեւաւորուած են ժողովրդային զանգուածներու եւ անհատ մտաւորականներու միտքին մէջ: Վստահաբար օգտակար կը դառնայ հակընդդէմ գաղափարներու արծարծումը՝ առաջնորդելով մեզ աւելի լուսաբանուած, աւելի հիմնաւորուած եւ, հայաստանեան բացատրութեամբ՝ աւելի «գրագէտ» եզրայանգումներու:
Բայց ոչ ոք թող տարուի խաբկանքներով որ վէճը պատմական, գրական կամ երաժշտական խորք ունի: Գուցէ այդ երանգներով՝ սակայն հիմնականին մէջ ունի քաղաքական-գաղափարական խորք. աւելին՝ հատուածական քաղաքականութիւն պարտադրելու բնոյթ: Այս հակամարտութեանց մէջ գլխաւոր դերակատարի պարտականութիւն ստանձնած է հմուտ եւ յարգելի մտաւորական մը, յանձին Վարդան Մատթէոսեանի, որ պատասխան յօդուած մը հրատարակած է «Պայքար»ի մէջ լոյս տեսած խմբագրականի մը դէմ («Հայաստանի պետական օրհներգի առկախ խնդիրը հարիւրամեակի սեմին», Յուլիս 9, 2017):
Յարգելի յօդուածագիրը, իր դիտումն ու առաքելութիւնը քողարկելու մտահոգութեամբ, ի սկզբանէ կը փորձէ զինաթափել ընթերցողն ու իրեն հակաճառողները, գրելով «Մեր անդրադարձը միայն ու միայն կը մեկնի առարկայական փաստերու եւ տրամաբանական եզրայանգումներու քննարկումի արդիւնքէն, առանց որեւէ կողմնակցութեան կամ կուսակցական ենթախորքի»: Հակառակ որ տրամաբանութեան մենաշնորհը իրեն կը պահէ յօդուածագիրը («Օրհներգի առկախ խնդիրը եւ հատուածական կիրքին լուծուած հարցը», «Նոր Յառաջ» եւ «Հայրենիք»), թող թոյլ տրուի այդ մենաշնորհէն զրկեալներուս մատնանշելու թէ «անդրադարձ»ը միայն ու միայն ջուր կը հայթայթէ Դաշնակցութեան ջաղացքին որ տէրն ու տիրականը դարձած է «Մեր հայրենիք»ին, քաղաքական եւ հատուածական բազմաթիւ պատճառներով:՝
Պրն. Մատթէոսեան կատարած է նաեւ պատմական զգայացունց յայտնութիւն մը՝ վերծանելով Ե. Ա. տառերուն ետին կանգնած անձին ինքնութիւնը, Երեւանի «Ազգ» թերթին մէջ վերատպուած խմբագրականի ընթերցումով, կռիւը անձնականացնելու բացայայտ դիտումով մը:
Պէտք է ընդունիլ թէ յօդուածագիրը միայն «Պայքարի» խմբագրականին հակաճառելու փորձով չէ որ տարուած է, այլ յայտնաբերած է ամբողջ բանասիրական-պատմական գրականութիւն մը «Մեր հայրենիք» օրհներգի արմատներուն մասին: Քիչ կը մնայ որ «Պայքար»ի խմբագրութիւնը շնորհակալութեան գիր մը յղէ հմուտ մտաւորականին՝ թերթի խմբագրականէն առաջնորդուելով կատարած է բանասիրական խղճամիտ աշխատանքին համար, որուն արդիւնքը կրնայ ծառայել իբրեւ աղբիւր ապագայի ուսումնասիրողներուն, այս վէճերուն հանգումէն տարիներ վերջ:
Այսուհանդերձ Պրն. Մատթէոսեանի համադրած նիւթերը աւելի կը ծառայեն խնդրին շուրջ ստեղծուած գրականութեան ճոխացման, աւելի քան բանավէճի մը յաղթական ելքին: Դիմացին «փաստախեղթ» ընելը շնորհ մըն է զոր պէտք է յարգել` առանց ընկճուելու անկէ: Որովհետեւ կան օրինակներ, ուր փաստերու եւ փաստաբաններու առատութիւնը չառաջնորդեր միշտ ճշմարտութեան յայտնաբերումին:
Այդ օրինակներէն մէկը Օ. Ճէյ Սիմսընի դատավարութիւնն է որ տեղի ունեցաւ 1994ին, ամբողջ աշխարհի դիմաց, որովհետեւ ան ամիսներով կը հեռասփռուէր աշխարհին: Ըստ վկաներուն եւ հեռուստադիտողներուն ոչ մէկ կասկած մնացած էր յանցանքին ու յանցաւորին մասին. սակայն, մեղադրեալը վարձած էր Ամերիկայի ամենէն անուանի եւ ճարտար փաստաբանները – Ֆ. Լի Պէյլի, Ռապըրթ Գարտաշեան, Ռապըրլ Շափիրօ, Ալէն Տերշովից, Ճաննի Քոքրըն, Ճերըլտ Ուլման եւ ուրիշներ: Մամուլի մեկնաբանները փաստաբաններու այդ հոյլը հռչակեցին «երազային խումբ» – (The Dream Team): Անոնք իրենց ճարտարութեամբ յաջողեցան դատարանը համոզել թէ փաստերը բաւարար չէին հաստատելու ոճիրը, (beyond reasonable doubt) տրամաբանական կասկածէն անդին: Եւ յաջողեցան անպարտ արձակել տալ Պրն. Սիմսընը:
Պրն. Մատթէոսեան իր հմտութեամբ եւ իր մտաւորական պաշարով կը կատարէ ճիշդ այդ «Տրիմ Թիմ»ին դերը, բայց տեսնենք թէ պիտի յաջողի՞ պարտազերծ հռչակել իր պաշտպանեալը:
Յօդուածագիրը կը մերժէ ընդունիլ որ խորհրդանշանները – որքան ալ անցեալին` նուիրական – պատանդ դարձած էին կուսակցութեան մը ձեռքը, որ կ’ուզէր համայն հայութեան պարտադրել իր կամքը: Պրն. Մատթէոսեան ընդվզած կը թուի ըլլալ այդ «պարտադրանք»ի հարցէն եւ վիճակագրութիւններ կը փնտռէ փաստելու համար այդ պարտադրանքը:
Օրհներգին հետ հայկական եռագոյնն ալ կուսակցականացուած էր եւ կը բաւէ նշել Դուրեան Սրբազանի մորթոտումը իբրեւ այդ պարտադրանքին մէկ արիւնոտ վկայութիւնը: Դեռ վիճակագրութիւններէն անդին կը մնան այն բռնարարքները որոնք սահմանուած էին այդ կուսակցութեան կամքը պարտադրելու` զանգուածներուն: Միջին Արեւելքի հայութեան շատ ծանօթ են բռնարարքներու օրինակները – յատկապէս Պէյրութի հայաշատ թաղերէն ներս – երբ կուսակցական գործակալներ ման կու գային թաղերու մէջ ջարդ ու փշուր ընելու այն պատուհանները ուրկէ կը լսուէր «Երեւանն է խօսում» հայաստանեան ռատիոյի ձայնը:
Երբ այսպիսի արիւնալի դրուագներով է հիւսուած խորհրդանշաններու այս հակամարտութիւնը` վիճակագրութիւններն ու բանասիրական տուեալները բաւարար պիտի չըլլան փոխելու ցաւալի իրականութիւնը: Յօդուածագիրը մէկ կողմէ կ’ողջունէ փաստը թէ նոր սերունդը մոռացութեան սկսած է տալ անցեալի այդ տխուր դէպքերը, միւս կողմէ շարունակելով կառչիլ այդ օրերու «թշուառ»ութիւններուն:
«Մեր հայրենիք»ն ալ զոհուելով կը վերջանայ եւ բոլորովին անյարիր է ապրիլ եւ ապագայ կերտել ուզող ժողովուրդի մը համար» ըսուած էր «Պայքար»ի յիշեալ խմբագրականին մէջ. սակայն, հակաճառելու համար այդ հաստատումին. մեր ընդդիմախօսը կը պատասխանէ. – «Դատելով օրհներգներուն վերջին տուներէն, առ նուազն չորս երկիրներ` Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին եւ Ուրուկուայ, «ապրիլ եւ ապագայ կերտելու ձգտող ժողովուրդ» չունեցող պէտք է համարել». եւ ապացուցանելու համար վերեւի հաստատումը, Պրն. Մատթէոսեան թարգմանութիւններ կը կատարէ այդ երկիրներու օրհներգներէն: Իսկապէս շնորհակալ գործ որ նոյն ատեն յօդուածագրին լեզուագիտական բազմաշնորհութեան մասին կը վկայէ:
Սակայն, երբ աչքէ կ’անցնենք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մաս կազմող 193 անդամ-երկիրները, վստահաբար մեր կարգին կրնանք գտնել առնուազն 90 երկիր որոնց օրհներգները կը հաստատեն վերեւ նշուած մեր տեսակէտը:
Իսկապէս շահեկան են տուեալները զորս յօդուածագիրը յայտնաբերած է «Մեր հայրենիք»ի իտալական ծագումին մասին` հերքելու համար տեսակէտները յայտնի երաժշտագէտ Աննա Ասատրեանի եւ տաղանդաւոր յօրինող Համբարձում Պէրպէրեանի: Սակայն, բանասիրական այդ յայտնագործութիւններով հանդերձ եւ անոնց իսկ վկայութեամբ օրհներգը ունեցած է տառապեալ ծննդաբանութիւն մը:
Միքայէլ Նալպանտեա՞նը յօրինած է իտալացի աղջկան երգին բառերը թէ ան ներշնչուած է Մարքանթինիի մէկ բանաստեղծութենէն: Նալպանտեանի օրերուն չեն պակսիր օրինակները թարգմանածոյ բանաստեղծութեան իւրացումներու, ինչ որ սովորական երեւոյթ էր նոյնիսկ Նալպանտեանի համար:
Այստեղ եւս փաստերու հեղեղումէն ետք դէմ յանդիման կու գանք հետեւեալ վճիռին – «Այսպէսով կը հերքուի այն տեսակէտը, թէ բանաստեղծութիւնը հեռու է հայութենէն ու Հայաստանէն»: Իրականութեան մէջ ոչ մէկ բան կը փաստուի այստեղ:
Գալով Արամ Խաչատրեանի օրհներգին` Պրն. Մատթէոսեան կը մարտնչի հին տուեալներով թէ սովետի շրջանին ամէն ինչ մութ էր ու խաւար: Տեսակէտ մը որ չի դիմանար պատմական փաստերու, բայց կը յայտնաբերէ քաղաքական կեցուածք մը որուն ծագումը կ’երթայ մինչեւ Ցուրտ Պատերազմի օրերը եւ կը սերի հակահայաստանեան սեւացրէքեան քաղաքականութենէն – «[Խաչատրեանի] օրհներգին երաժշտութիւնը պիտի մատնէ ՙժամանակի շունչ»ը: Խորհրդային շրջանին կային նաեւ լուսաւոր կէտեր, որոնցմէ մէկն էր Խաչատրեանը, իր տաղանդով եւ «օրհներգ»ով: Պարզապէս քաղաքական վերաբերում է Խաչատրեանի տաղանդին դէմ դիրքորոշուիլը: Ոչ բանասիրական տուեալներու կարիք կայ ոչ ալ երաժշտագիտական վերլուծումներու. ճաշակ ունեցող հայը պիտի գիտնայ գնահատել Խաչատրեանի օրհներգը եւ նոյնանալ անոր հետ:
Բոլոր անոնք որոնք 21րդ դարու սեմէն ներս կը փորձեն քաշկրտել անցեալի վէճերէն յոգնած դատ մը, իսկապէս արժանի են կոչուելու «թշուառ»ականներ:
Աւարտելու համար` կ’ուզենք խօսքը տալ մեր իմաստուն փիլիսոփայ հայուն, Ամենայն Հայոց բանաստեղծին` Յովհաննէս Թումանեանին.
«Եւ ահա հարիւր տարուց յետոյ, էսօր էլ` ընկնում է Վանը: Ռուսաց յաղթական զօրքի հետ ուս-ուսի Վան են մտնում մեր կամաւոր խմբերը, դարձեալ ռուսաց ազգային դրօշակի հետ փողփողում է մեր ազգային դրօշակը, դարձեալ ռուսաց զինուորական մարշի հետ հնչում է մեր ժողովրդական ազգային երգը – «Մեր հայրենիք թշուառ, անտէր մեր թշնամուց ոտնակոխ…»:
Բայց … էս անգամ վերջին անգամն է, որ մենք երգում ենք է՛ս տեսակ ազգային երգ. է՛լ հայ ժողովուրդն է՛ս տեսակ լալկան երգ չի՛ երգելու, է՛լ հայ բանաստեղծն է՛ս տեսակ երգ չի՛ յօրինելու, Վանի պատերազմից յետոյ»:
(Յովհաննէս Թումանեան, Երկերի ժողովածու,
10 հատորով, հատոր 7, էջ 168, (Վան Երեւան, 1915 Թ.)