Գանատահայ Համայնքի Ծառայութիւններու Կեդրոնը, նոր անուանումով` «Բարեւ Կեդրոն», սկիզբ կ՛առնէ Հոկտեմբեր 15, 2017-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ներքնայարկին մէջ։
Սոյն ծրագրին մասնակցելու եւ անոր գործունէութեան ուղեկից դառնալու նպատակով, Բարեւ կեդրոնը, որպէս ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն, համայնքի իր անդամներէն կը խնդրէ այցելել www.barevcentre.com կայքէջը, ուր կարելի է ստանալ կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ միջոցներ՝ ներգրաւուելու անոր աշխատանքներուն։
Բարեւ Կեդրոնը կրթական, մշակութային եւ ընկերային բազմաբնոյթ իր գործունէութիւնը կը մատուցէ Գանատահայ կենսունակ համայնքին, որ իր ուրոյն տեղն ու դերը ապահոված է տեղւոյն բազմամշակոյթ խճանկարին մէջ։
Բարեւ Կեդրոնը նպատակ ունի կամրջել Գանատան եւ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ առիթ ստեղծել մշակութային, կրթական եւ արեւտրական գաղափարներու փոխանակման։
Բարեւ Կեդրոնի առաքելութիւններն են.-
- Պատեհ առիթ ստեղծել, որ համայնքի զաւակներ առընչուին իրենց արմատներուն՝ մշակութային, կրթական եւ ընկերային զանազան ծրագիրներու ընդմէջէն, ամրապնդելով պատկանելիութեան զգացումը։
- Ստեղծել հնարաւորութիւններ, հաղորդակցելու տեղւոյն համայնքային, հանրային կամ սեփական հատուածներուն հետ։
- Խրախուսել համայնքներու միջեւ գործակցութիւնը, ստեղծելով մշակութային փոխ հասկացութեան եւ զարգացման առիթներ։
- Ապահովել գործունէութեան միջավայր, ամրապնդելու գանատահայերու մշակութային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։
- Ստեղծել համագործակցութեան առիթներ Գանատայի եւ Հայաստանի մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ անհատներու միջեւ, համայնքային ուժեղ կապեր հաստատելու նպատակով։
«Բարեւ»ը արդէն իսկ կ՛ընդգրկէ հիմնաւորուած ծրագրեր, ինչպէս՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարան, Սասուն պարային համոյթ, Լուսաբեմ Թատերախումբ, Հայրենիք Միութիւն, տարեկան կոլֆի եւ քայլարշաւի յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ երիտասարդական խմբակ։ |