Ծովից ծով Հայաստանի քարտէսը` Ատրպէյճանի պատմութեան դասագիրքերուն մէջ

Ընկերային ցանցերու մէջ ատրպէյճանցի օգտատէրերը յայտնաբերած են, որ Ատրպէյճանի պատմութեան դասագիրքերուն մէջ յայտնուած են ծովից ծով Հայաստանի քարտէսները:

10-րդ դասարանի ռուսական հատուածի համար նախատեսուած դասագիրքին մէջ առկայ է ծովից ծով Հայաստանի քարտէսը: Քարտէսին մէջ պատկերուած Հայաստանը կը ներառէ տարածքներ ներկայ Ատրպէյճանէն, Իրանէն, Վրաստանէն ու Թուրքիայէն, կը յայտնէ «Փանարմինիըն»-ը՝ վկայակոչելով Vesti.Az-ը:

Դասագիրքը գրուած է 9 հեղինակներու կողմէ, հրատարակուած է Պաքուի մէջ 2017-ին 7000 տպաքանակով:

Տիգրան Մեծի ժամանակ Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը հասաւ իր հզօրութեան գագաթնակէտին եւ կը տարածուէր Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական ծով, Կովկասեան լեռներէն մինչեւ Միջագետքի անապատները: Այդ տարածքին մէջ, որուն մակերեսը կը կազմէր մօտ 1.000.000 (մէկ միլիոն) քառակուսի քիլոմեթր, տեղակայուած էին հայկական բանակի կայազօրները: