Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան 8 հոկտեմբերին ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նահանգային Ծերակոյտի եւ խորհրդարանի խումբ մը անդամներ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքէն` աւելցնելով. «Արա Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է ամերիկեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Արցախ եւ նշած, որ անոնք հետաքրքրական ժամանակաշրջանի մը մէջ հիւրընկալուած են, որովհետեւ այսօր հանրապետութեան մէջ կը նշուի «Բերքի տօնը»: Պետական նախարարին համաձայն, տօնին առիթով ներկայացուած ապրանքները նախ եւ առաջ Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող խաղաղութեան եւ զարգացման արդիւնքներն են:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան` Արա Յարութիւնեան ընդգծած է այն հանգամանքը, որ, Հայաստանի Հանրապետութենէն զատ, Ամերիկան միակ պետութիւնն է, որ ամէն տարի ուղղակի ելեւմտական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Արցախին:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն, որոնք մեզի կ՛աջակցին ո՛չ միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող տագնապի լուծման հոլովոյթի համանախագահութեամբ, այլ նաեւ` մարդասիրական ծրագիրներ իրագործելով: 1990-ական թուականներէն սկսեալ` ամերիկեան կառավարութեան աջակցութեամբ հարիւրաւոր հեքթարներու վրայ ականազերծման աշխատանքներ կատարուած են: Ուրախութեամբ կ՛ուզէի շեշտել նաեւ վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներու նահանգային մակարդակով Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հոլովոյթի կարեւորութիւնը, որուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի 2014 թուականի բանաձեւը` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման վերաբերեալ: Համոզուած եմ` ատիկա նոր որակ պիտի հաղորդէ մեր հետագայ համագործակցութեան զարգացման` թէ՛ տնտեսական ու քաղաքական, եւ թէ՛ մարդասիրական ու այլ բնագաւառներուն մէջ», ըսած է Յարութիւնեան եւ յատուկ կերպով կարեւոր նկատած է Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին դերակատարութիւնը գոյութիւն ունեցող կապերու խորացման ու ամրապնդման գործին մէջ:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են Արա Յարութիւնեանին ջերմ ընդունելութեան համար եւ արձանագրած, որ նախորդ այցելութիւններուն համեմատ Արցախի մէջ զարգացման շօշափելի յառաջընթաց կը տեսնեն: Անոնք Յարութիւնեանին ներկայացուցած են իրենց այցելութեան մանրամասնութիւնները եւ նպատակները, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած են Արցախի տնտեսութեան զարգացման ներկայ միտումներով, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընկերային-տնտեսական հետեւանքներով, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած հոլովոյթի ներկայ իրավիճակով եւ այլ յարակից նիւթերով: