Պոլսոյ հայ համայնքը միջոցէ մը ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասէ պատրիարքական ընտրութեան, որուն առաջին քայլերը առնուեցան, սակայն պետութենէն ակնկալուող պատասխանի մը չգոյութեան իբրեւ հետեւանք՝ յաջորդ քայլերը չեն առնուած, հակառակ անոր որ ընտրութեան օրացոյց մը որոշուած է եւ ընտրական ցանկերու պատրաստութեան հրահանգներ տրուած են։
«Մարմարա» կը յայնէ, թէ Հոկտեմբեր 11-ի գիշերը, պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինին ստորագրութեամբ յղուած է թրքերէն հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը խօսուի ընտրական մարմինին դիմաց ցցուած դժուարութիւններուն մասին եւ կը շեշտուի, թէ աշխատանքը յառաջ կը տարուի եւ թէ պատրիարքական ընտրութիւնը այս կամ այն պատճառով պէտք չէ խափանուի։
Նախաձեռնարկ մարմինը հոն նաեւ կոչ կ՛ընէ համայնքային հաստատութիւններու անդամներուն ու դիտել կու տայ, որ այս դժուարութիւնները յաղթահարելու համար բոլորը պէտք է միասնակամ ըլլան։
Միւս կողմէ, «Ակօս» կը գրէ, թէ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու դարձեալ յայտնած է, որ Անգարա կը մերժէ իբրեւ պատրիարքի տեղապահ ճանչնալ Գարեգին արք. Պէքճեանը՝ աւելցնելով, որ պետութեան այս վերաբերմունքին պատճառը՝ 2016ին գերմանական թերթի մը հետ է Պէքճեանի կատարած հարցազրոյցն է, որուն մէջ ան «ծանր խօսքեր ըսած է Թուրքիոյ եւ Աթաթիւրքի հասցէին»:
Շիրինօղլու նշած է նաեւ, որ իշխանութիւնները իրեն հետեւեալ ուղերձը փոխանցած են. «Պոլսոյ մէջ երկու եպիսկոպոս ունիք՝ Աթէշեանը եւ Մաշալեանը: Մէկը թող տեղապահ ըլլայ, միւսը՝ Հոգեւոր խորհուրդի ատենապետ, թող դիմեն ու 6 ամսուան ընթացքին ընտրութիւնը կ՛ընենք, գործը կ՛աւարտենք»:
Շիրինօղլուի յայտարարութիւններուն անդրադարձած է պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան՝ նշելով, որ պետութեան անունով հնչած յայտարարութիւնները պատրիարքարանը պաշտօնապէս չէ ստացած: «Ես պետական որեւէ հաստատութենէ այդպիսի բովանդակութեամբ պաշտօնական փաստաթուղթ չեմ ստացած: Եթէ պետութիւնը այդպիսի պահանջներ ունի, ապա կրնայ ուղղակիօրէն մեզի ուղարկել: Մենք մեր ներքին կանոնադրութեամբ յառաջ կ՛ընթանանք ու որեւէ սխալ քայլ չենք առած», հաստատած է տեղապահը: