Հոկտեմբեր 19-ին, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, զոհուած է զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Տիգրան Արմէնի Խաչատրեանը: Այս մասին կը յայտնեն ՊԲ մամուլի ծառայութենէն:
Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Տիգրան Խաչատրեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։
Ան Երեւանի Նորք Մարաշ համայնքի բնակիչ էր, ընտանիքի միակ որդին:
NEWS.am-ին՝ 19-ամեայ զինծառայողին հարեւանները պատմեցին, որ ան բանակ զօրակոչուած էր մէկ տարի առաջ` դպրոցը աւարտելէն անմիջապէս ետք:
«Շատ խելօք երեխայ էր, քանի մը շաբաթ առաջ արձակուրդի եկած էր քանի մը օրով, ծառայութենէն գոհ էր»,- ըսած են հարեւանները:
Տիգրան Խաչատրեանը տան կրտսեր զաւակն էր, իրմէ մեծ քոյր ունի: