Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամը այս տարի կը կազմակերպէ իր 25-րդ ֆոնեթոնը, Նոյեմբեր 15-էն 19:
Այս ձեռնարկին ընդառաջ, Հիմնադրամը՝ «Ձեր չորս ժամը տրամադրեցէք Հայաստանի օգնութեան» բնաբանով կոչ կ՚ընէ կամաւորներու: Անոնց առաքելութիւնը պիտի ըլլայ Փարիզ-Գոլոմպի, Լիոնի, Մարսիլիոյ եւ Թուլուզի հեռաձայնային կեդրոններէն դիմել նուիրատուներու եւ ակնկալելի նուիրատուներու:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց եւ արձանագրութեանց համար այցելել՝ www.fondsarmenien.org կայքէջը,
կամ հեռաձայնել՝ 01 48 83 51 06 թիւին եւ կամ գրել՝ info@fondsarmenien.org հասցէին: