Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Մանուկեան վարժարանի եւ Արարատ տան այցելութիւնը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Արեւմտեան թեմ հայրապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Հոկտեմբեր 26-ին այցելութիւն մը կատարուած է ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարան ։ Ներկայ եղած են նաեւ վարժարանի բարերարները՝ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան:

Աշակերտները վեհափառ հայրապետին դիմաւորած են Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ: Խօսքեր արտասանուած են ուսուցիչներու անունով, կրթական հաստատութեան սաները հանդէս եկած են գեղարուեստական կատարումներով, իսկ աւարտին կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու մաղթանքները փոխանցած է սաներուն ու մանկավարժներուն՝ դպրոցին նուիրելով խաչքարի մանրակերտ մը:

Նոյն օրը, վեհափառը այցելած է «Արարատ Տուն», ուր կը խնամուին հայ տարեցներ: Ան իր գնահատանքը յայտնած է հաստատութեան խնամակալ մարմինին ու աշխատակիցներուն, ապա հայրապետական օրհնութիւն ու բարեմաղթանքները փոխանցած է տարեցներուն: Ան նաեւ խնամատար հաստատութեան նուիրած է Գէորգ Սուրէնեանցի «Տիրամօր» սրբապատկերին կրկնօրինակը: Այնուհետեւ, կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուած է «Արարատ Տան» նոր մասնաշէնքի յուշաքարի օրհնութեան արարողութիւնը:

Երեկոյեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Հրաշափառի արարողութիւն, ներկայութեամբ թեմի հոգեւոր դասին եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու, քոյր եկեղեցիների ներկայացուցիչներու եւ պետական պաշտօնատարներու։ Կաթողիկոսը իր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները փոխանցած է թեմի հաստատման 90-ամեակին առիթով՝ գնահատելով ամերիկահայութեան ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ: Ան ամերիկաբնակ հայորդիներուն մաղթած է Աստուծոյ ամենառատ շնորհներն ու օրհնութիւնները՝ յորդորելով, որ աստուածահաճոյ կեանքով, անսպառ եռանդով, ազգային ու հոգեւոր կեանքի բարօրութեան ու պայծառութեան տեսլականով շարունակեն եկեղեցաշէն ու ազգօգուտ իրենց գործերը:

Հրաշափառի արարողութենէն ետք, հաւատացեալները առիթ ունեցան վեհափառին աջը համբուրելու եւ անոր օրհնութիւնը ստանալու: