ՀՀ վարչապետը «Հայաստան» հիմնադրամին փոխանցած է իր մէկ տարուան աշխատավարձը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Նոյեմբեր 1-ին այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գրասենեակ` ծանօթացած կառոյցի 25-ամեայ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն: Ամէնամեայ հեռուստամարաթօնին ընդառաջ կառավարութեան ղեկավարը հիմնադրամին փոխանցած է իր մէկ տարուան աշխատավարձը:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն, շրջայցի ընթացքին վարչապետ Կարապետեան ծանօթացած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստորաբաժանումներու գործունէութեան պայմաններուն եւ կատարուող աշխատանքներուն: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան նշած է, որ 25 տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ շուրջ 500.000 շահառուի համար իրականացուած է աւելի քան        50. 000 ծրագիր` 330 միլիոն ԱՄՆ տոլար ընդհանուր արժէքով, իսկ նուիրատուներու թիւն ամբողջ աշխարհի մէջ կը հասնի 700.000-ի: Ան մանրամասնութիւններ  ներկայացուցած է  հիմնադրամի ընթացիկ ծրագիրներուն եւ ամէնամեայ դրամահաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերեալ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթօնն այս տարի տեղի  պիտի ունենայ Նոյեմբեր 23-ին. Հանգանակութիւնները պիտի ուղղուին Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցման եւ արեւային ուժանիւթի  կիրառման հնարաւորութիւններու ստեղծման: