Սուրիոյ մէջ ներքին վերաբնակներու թիւը կը կրճատուի իրենց տուներ վերադարձողներու թուաքանակի համեմատ, սակայն մարդոց փախուստի ցուցանիշը բարձր է:
Այդ մասին Հոկտեմբեր 30-ին յայտարարած Է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Մարք Լոուքոկը` ելոյթ ունենալով Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: «Ներքին տեղահանուածներու թիւը վերջին մէկ տարուան մէջ 6,3 միլիոնէն նուազած Է մինչեւ 6,1 միլիոն, իսկ անոնց վերադառնալու ցուցանիշները աճած են երկրի քանի մը շրջաններուն մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ նոր տեղափոխութիւններու մակարդակը կը մնայ բարձր: Ստացուող հաղորդումներու համաձայն, Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր իրենց տուները լքած են 1,8 միլիոն բնակիչներ»,-ըսած Է գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը: Ըստ անոր` «սուրիական ճգնաժամի հետեւանքները առաջուան պէս լուրջ են»:
«Սուրիոյ մէջ աւելի քան 13 միլիոն մարդ դեռ մարդասիրական օգնութեան կարիք ունի: Անոնցմէ 6,3 միլիոնը շատ խոցելի են. անոնք սուր կարիքի մէջ են մշտական տեղափոխումներու, մարտական գործողութիւններու եւ հիմնական ապրանքներէ ու ծառայութիւններէ օգտուելու սահմանափակ հնարաւորութեան պատճառով»,-նշած Է Լոուքոկը։