ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ  ՄԻԱՑԵԱԼ  ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ  ԻՆՏԻԱՆԱ  ՆԱՀԱՆԳԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ  ԸՆԴՈՒՆԵՑ  ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 

Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա Նահանգի կառավարիչ Էրիք Ճ. Հոլքըմպ  յայտարարեց թէ Նոյեմբեր 6-12 յետ այսու կը հռչակուի «Հայոց իրազեկման Շաբաթ» որ կը ոգեկոչէ երեք միլիոն Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու եւ Սիրիականներու  Ցեղասպանութեան գիտակցութեան, յիշեցումի եւ դատապարտութեան թուականը Ինտիանա Նահանգի տարածքին: Հռչակագիրը կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ ընդունիլ այս պատմական իրողութիւնը: Յայտարարութիւնը կը նշէ թէ՝ թէեւ Ինտիանայ նահանգի հայերու թիւը շատ փոքր է, սակայն անոնք հզօր համայնք մը կը ներկայացնեն:

Այս պաշտօնական հռչակագրով Ինտիանան կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանաչող 40-րդ  նահանգը: Միակ երկու նահանգները որոնք ցարդ չեն հռչակած Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ Ալապաման եւ Միսիսսիփին են: