Շաբաթ, 11 նոյեմբերին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 3 մեծ իրադարձութիւններուն` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ խորհրդակցութիւն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան զեկուցում ներկայացուցած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստման եւ կազմակերպման վերաբերեալ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը ներկայացուցած է մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800-ամեակի շրջագիծին մէջ նախատեսուող ձեռնարկները եւ նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ Ստեփանեանն ալ, իր կարգին, զեկուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Քննարկուած են տարբեր կազմակերպչական հարցեր եւ առաջարկներ:
Վարչապետը, ընդգծելով 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք այս երեք մեծ իրադարձութիւններուն կարեւորութիւնը, շեշտած է, որ անոնք պէտք է կազմակերպուին բարձր մակարդակով եւ պատշաճ: Անդրադառնալով Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին` վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարած է շահագրգիռ նախարարութիւններուն ըլլալ աշխուժ եւ պատասխանատու ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներով: «Իւրաքանչիւրը իր գործով պէտք է ներգրաւուած ըլլայ կազմակերպչական բոլոր հոլովոյթներուն մէջ, եւ համապատասխան աշխատանքային խումբերը պէտք է կանոնաւոր, առարկայական եւ համակարգուած աշխատին այդ ուղղութեամբ», նշած է կառավարութեան ղեկավարը:
Վարչապետը յանձնարարած է մէկ շաբթուան ընթացքին ամփոփել 3 իրադարձութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները, յստակեցնել նախատեսուող աշխատանքները եւ ներկայացնել յստակ ծրագիրներ: